ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ՝ Յունիս 25ին, Երեւանի մէջ Վրաստանի նախագահի իջեւանած հիւրանոցին մէջ, հանդիպում մը ունեցած է նախագահ Միխայէլ Սահակաշվիլիի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական կապերու ամրապնդման, տարբեր բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան խորացման, զբօսաշրջութեան, կրթամշակութային կապերուն առնչուող հարցեր եւ անոնց զարգացման հեռանկարները:
Կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցումով, Տիգրան Սարգսեան կարեւոր նկատած է Վրաստանի տարածքով անցնող հաղորդակցութեան ուղիներու անխափան աշխատանքը, որ մեր երկրի տնտեսութեան համար մեծ նշանակութիւն ունի: Շօշափուած է նաեւ բեռնափոխադրումներու իրականացման եւ մաքսային մարմիններու գործունէութեան առնչուող շարք մը հարցեր:
Կողմերը նշած են, որ տնտեսական համագործակցութեան խորացումը եւ համատեղ նախաձեռնութիւններու իրականացումը պիտի նպաստեն երկու երկիրներու տնտեսութիւններուն վրայ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքներուն նուազեցման: