ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Արցախի աւելի քան 8 հազար աշակերտներ պիտի ստանան դպրոցական գոյք, որուն նիւթական յատկացումը պիտի կատարէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինը: Ըստ հիմնադրամի տուած տեղեկութեան, նուիրատուութեան զգալի մասը կը պատկանի ֆրանսահայ Վերժինէ Ադամեանի կտակին:
Շուրջ 330 հազար եուրօ արժողութեամբ ծրագիրի ծիրէն ներս, Հայաստանի 29 եւ Արցախի 72 դպրոցներու աշակերտներ 2009-2010 ուսումնական տարին պիտի դիմաւորեն գեղեցիկ կահաւորուած դասասենեակներու մէջ: Աւելի քան 8 հազար աշակերտի համար նախատեսուած կահոյքը արդէն պատրաստ է եւ մասամբ՝ ուղարկուած: Ազգանուէր հայուհիին յիշատակը վառ պահելու համար, մէկական դպրոց, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, պիտի անուանուի անոր անունով:
Վ. Ադամեանի նուիրատուութեան մէկ մասը ուղղուած է ԼՂՀ Մարտակերտ շրջանի Կոճողոտ գիւղի դպրոցի կառուցման եւ Արցախի ճանապարհներու վերանորոգման աշխատանքներուն: