ՄԱՐԻ ԳԱՐԱԼԵԱՆ
Մայիս 30ին, «Ֆերահեան» վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ 35 անդամ-անդամուհիներու, տեղի ունեցաւ Հայ ամերիկեան տարեցներու միութեան Էնսինոյի մասնաճիւղի ամսական հերթական ճաշկերոյթ-հաւաքոյթը:
Տէր Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, ճաշօրհնէքի աղօթքէն ետք, շնորհաւորեց Մայրերու տօնը՝ մաղթելով բարօրութիւն եւ առողջութիւն բոլոր մայրերուն: Ճաշը հովանաւորած էր «Տիսքաունթ» դեղատան սեփականատէր Ժան եւ Սեդա, իրենց ծնողաց՝ Սուրէն ու Ասթրաբէ Գորգորի եւ Արմանուշ ու Մանուկ Գուլակ-Աւետիսեաններու հոգիներու խաղաղութեան ու յիշատակին:
Մինչեւ երգիչին ժամանումը, ատենապետ Սուրէն Գահուէճեան կոչ ըրաւ ներկաներուն, որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն Հայ Դատի թելեթոնին եւ տեղւոյն վրայ գոյացաւ կոկիկ գումար մը:
Ապա ասմունքեցին Մարի Գարալեան (իր գրիչէն՝ «Ձօն մայրերուն» ու Շիրազի «Մայր ալեհեր իմ մանկութիւն»), Վարդու Սէմէրճեան (Պարոյր Սեւակի «Մօր ձեռքերը»), Լուսին Թաշճեան (Ս. Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն») եւ Շողիկ Պետրոսեան (Շիրազի «Հայաստանի աղջիկները»):
Յետայնու, երգչուհի Սօսի Մարտիրոսեան, շնորհաւորելով Մայրերու տօնը՝ սկսաւ Ա. Իսահակեանի «Մարտիկի երգ»ով:
Մթնոլորտէն խանդավառուած՝ եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ միութեան Կրթասիրաց հիմնադրամին: Ապա ատենապետ Գահուէճեան երգեց «Ղարիպ աչքեր» երգը եւ շարունակեց ազգային երգերով, իսկ անկէ ետք երգչուհի Սօսի Մարտիրոսեան դարձեալ ճոխ եւ ուրախ երգերով խանդավառեց ներկաները:
Հաւաքը աւարտեցաւ ժամը 3ին եւ մասնակիցները գոհունակութեամբ մեկնեցան՝ յաջողութիւն մաղթելով միութեան վարչութեան: