Կէս Դար Տիրոջ Այգիին Մէջ. Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան. Հայկական Ժառանգութեան յանձնախումբ. 3922 Yorba Linda Blvd. Royal Oak, MI 48073. 244 Էջ. Գին՝ $25.00.
Ընթացիկ տարին, 2009ը, Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի հոգեւոր, ազգային, համա-եկեղեցական եւ հասարակական ծառայութեան յիսնամեայ յոբելեանն է: Յոբելեար մեր պատուական գործակից եղբօր եւ բարեկամին կէս դարու ծառայութիւնը կը յատկանշուի հարուստ, բազմակողմանի եւ բեղուն վաստակով մը. վաստակ մը, որ թէ՛ իր քանակով եւ թէ՛ իր որակով պատիւ եւ պարծանք կը բերէ ոչ միայն Հայ Աւետարանական համայնքին, այլ նաեւ համայն հայութեան:
Իր ծառայութեան 50ամեակին առթիւ Վեր. Թութիկեան լոյս կ՛ընծայէ իր 31րդ հատորը՝ «Half a Century of Service/Կէս Դար Տիրոջ Այգիին Մէջ» վերտառութեամբ: Ինչ որ իր նախորդ հրատարակութեանց առթիւ ըսած ենք, այս առիթով ալ կը հաստատենք որ «անհաւատալի բայց իրաւ»ի դասաւորումի մէջ կարելի է զետեղել այս մէկը: Արդարեւ, հրաշքի համազօր դէպք մը -յիսուն տարուան մէջ իր հարիւրաւոր յօդուածներէն զատ՝ 31 հատորներու հրատարակութիւնը նոյնիսկ օտար հեղինակներու մօտ հազուադէպ է- համապատասխան երեւոյթ մը: Վերապատուելի հեղինակին «յանդգնութիւն»ը ու «յամառութիւն»ը ապշութեան կրնան մատնել ամէնէն ներհուն միտքն ու արագահոս գրիչը:
Ու հիմա՝ Վեր. Թութիկեանի գրած նոր գիրքին մասին: Այս մէկը պատմագրական չէ, ոչ ալ կենսագրական՝ որոնք ստուար թիւ մը կը կազմեն իր հրատարակութիւններուն մէջ: Քարոզագիրք մըն ալ չէ: Հատորին 248 էջերու մէջ զետեղուած են 41 նիւթեր -Անգլերէն՝ 27, Հայերէն՝ 14: Սոյն յօդուածներէն զատ, կան Հայերէն եւ Անգլերէն լեզուով հատընտիր հատուածներ հեղինակին գիրքերու մասին լոյս տեսած գրախօսականներէն, որոնք գաղափար մը կուտան անոր հրատարակած գործերուն մասին: Գիրքին Անգլերէն Բաժինը կը բաղկանայ 4, իսկ Հայերէն բաժինը՝ 3 ենթաբաժանումներէ: Հատորը կը պարունակէ հոգեւոր կարճ խորհրդածութիւններ կամ պատգամներ, եւ ազգային-եկեղեցական տարեդարձներու յիշատակութիւններ, առօրեայ կեանքէ առնուած նշմարներ եւ առակներ, ինչպէս նաեւ մեր ազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու եւ հայկական հարցերու մասին դիտումներ եւ դիտողութիւններ:
Դարձեալ, ինչպէս անցեալին դիտել տուած ենք Վեր. Թութիկեանի նախորդ աշխատասիրութիւններու մասին մեր գրախօսականներու մէջ՝ այս գործին մէջ ալ հեղինակին մտահոգութիւնը հոգեւո՛ր է: Ան չի բաժներ ազգայինը, աշխարհայինը, ընտանեկանն ու միջազգայինը՝ քրիստոնէական հաւատքէն, հետեւաբար՝ հոգեւորէն: Իրեն համար՝ այսպէս կոչուած աշխարհիկը գոյութիւն չունի, որովհետեւ համայն տիեզերքը Աստուծոյ կալուածն է, որ կ՛իմաստաւորուի Քրիստոս Յիսուսով: Ահա թէ ինչո՛ւ ան չի բաւարարուիր բարոյագիտական սահմանումներով ու դարմաններով, հապա մեր համապարփակ հարցերուն իբրեւ լուծում, կը յանձնարարէ քրիստոնէական թանձրացեալ հաւատքը՝ Քրիստոսի մէջ ու Քրիստոսով:
Վեր. Թութիկեան հոգեւորական մըն է, որ լման կէս դար ծառայած է Հայ Աւետարանական բեմին: Իբրեւ քարոզիչ, ուսումնական, հեղինակ, եւ եկեղեցական վարչագէտ, վարած է բարձր պաշտօններ, ու տիրացած արժանավայել տիտղոսներու եւ մրցանակներու: Ներկայիս ան գործադիր տնօրէնն է Հայ Աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդին: Գրական ասպարէզէն ներս ան տեւական ներկայութիւն մըն է իր տեսութիւններով եւ խրախուսիչ թելադրութիւններով: Ան նաեւ մշտարթուն պահակն է Հայ Աւետարանական շարժումին, նաեւ յուշարարը եկեղեցական կարեւոր դէպքերուն ու դէմքերուն: Այս վերջին մարզին մէջ հայ աւետարանական ներկայ ու ապագայ պատմագիրները մեծագոյն երախտաւորեալները պիտի ըլլան գրիչի այս անխոնջ ու ներհուն մշակին:
Այս բարեբաստիկ առիթով մեր շնորհաւորութիւններուն հետ կը միացնենք Մեր աղօթքն ու մաղթանքը, որ Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան մնայ առողջ ու աշխոյժ՝ շարունակելու իր այս աստուածահաճոյ ու բազմօգուտ ծառայութիւնը հայ ժողովուրդին ընդհանրապէս, ու հայ Աւետարանական համայնքին՝ մասնաւորապէս, ու այս բոլորը՝ Աստուծոյ փառքին ու հայ ժողովուրդին հոգեւոր վերելքին համար: