ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Սապահ» թերթին մէջ Տույկու Կիւվէնչ, Անգարայի քաղաքական շրջանակներէ ստացուած տեղեկութիւններու լոյսին տակ կը գրէ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները որոշած են մինչեւ ֆութպոլի մրցումի թուական՝ սառեցնել Հայաստանի նկատմամբ նոր քաղաքականութեան գործընթացը։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, անշուշտ ֆութպոլի մրցումին ակնարկելով՝ անցեալ շաբաթ յայտնած էր, թէ Թուրքիա պիտի այցելէ, եթէ սահմանները բացուին։ Այս յայտարարութենէն ետք գործընթացը կանգ առած ըլլալ կը թուի։ Դիւանագիտական շրջանակներ դիտել կու տան, որ Թուրքիա արդէն չէր փափաքեր օրակարգի վրայ ունենալ թէ՛ քրտական քաղաքականութեան մէջ նոր էջ բանալու քաղաքականութիւնը, եւ թէ՛ Հայաստանի մերձենալու բանակցութիւնները։
Առ այժմ Հայաստանի հարցը պիտի սպասէ։ Կառավարութիւնը որոշեց ոչի՛նչ ընել մինչեւ ֆութպոլի դարձի մրցումին թուականը։ Թուրքիա արդէն 22 Ապրիլի հաղորդագրութենէն ետք որեւէ նոր շփում չէ ունեցած Հայաստանի հետ, բայց մտադիր է Հայաստանի հետ նոր հանդիպում ունենալ Սեպտեմբերին, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի օրերուն։
Անգարա յոյս չունի, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ ճամբու քարտէս մը կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն։
Ատրպէյճանի մէջ յառաջիկայ տարի ընտրութիւններ պիտի կատարուին, ատիկա ալ ներկայիս կը դժուարացնէ Պաքու-Երեւան գիծի վրայ համաձայնութիւններու գոյացումը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.