ԱՒԵՏԻՍ ՔՀՆՅ. ԹՈՐՈՍԵԱՆ
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Արաքս Սարեանի բեղուն կեանքի 85րդ տարեդարձին առիթով, կ՛անդրադառնանք անոր կենսագրութեան: Ծնած է Նոր Ջուղա՝ Պարսկաստան. վաղ հասակէն սէր ցուցաբերած է գեղարուեստի նկատմամբ. երգ, թատրոն, հայկական պար եւ ասմունք թրթռացուցած են մանուկ Արաքսի զգայուն սիրտը:
1950ին Սան Ֆրանսիսքօ կը հաստատուի եւ իր սիրալիր մասնակցութիւնը կը բերէ գաղութի մշակութային ու ընկերային աշխատանքներուն: Շուրջ 20 տարի կը գործէ իբրեւ խօսնակ Հայկական ռատիօժամին եւ որակաւոր յայտագիրներով կը ճոխացնէ զայն՝ գնահատուելով գաղութիս պատկան մարմիններու եւ ժողովուրդին կողմէ:
1973ին, շրջանիս «Համազգային»ի հիմնադիրներէն կ՛ըլլայ եւ բեղուն գործունէութիւն կ՛ունենայ: Հոն իր դերասանական շնորհքը կը յայտնաբերէ ստանձնելով գլխաւոր դերեր զանազան թատերական ներկայացումներու մէջ:
1974էն ի վեր անդամ է ՀՕՄին եւ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ անոր ընկերային յանձնախումբի տարեցներու ծառայութեան: Ան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութենէն ի վեր անդամակցած է Տիկնանց միութեան, եւ վերջին 13 տարիներուն կը գործէ իբրեւ ատենապետուհի: 2004ին ընտրուած է «Տարուան մայր»ը: Հանդէս եկած է նաեւ հետեւեալ դասախօսական ելոյթներով՝ «Եղեռնը, եւ մեր կղերականներու եւ սրբատեղիներու կորուստը», «Իրանահայ 400ամեայ գաղութը, սկիզբէն մինչեւ այսօր»: Արաքս ունի այլ նախասիրութիւններ. ան կը գրէ բանաստեղծութիւններ եւ կ՛ասմունքէ: Իր երգերով եւ արտասանութիւններով փայլ կու տայ մեր հանդէսներուն:
Անոր տարեդարձի հանդիսավարն էր ազգային երեսփոխան եւ «Ասպարէզ» օրաթերթի շրջանիս թղթակից Նուպար Տէմիրճեանը, որ իրեն յատուկ հիւմըրով ու սրամտութեամբ ձեռներէցօրէն վարեց հանդիսութիւնը: Մատուցուած համեղ ընթրիքէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր: Այս առթիւ Լոս Անճելըսէն հրաւիրուած էին տէր եւ տիկին Արմէն Մանդակունեանները. մայսթրոն բեմ հրաւիրուեցաւ երգիչ Գէորգ Պուրսալեանի ընկերակցութեամբ ու իր ստեղծագործութիւններէն երկու երգեր ներկայացուց՝ ոգեւորելով ներկաները: Մարի Սարգիսեան ասմունքեց եւ Ժաննա Դաւիթեան երգով մը հանդէս եկաւ. դաշնամուրի վրայ նուագեց Բաղթիկ Քալաֆեան, ապա յաջորդաբար խօսք առին ու իրենց սրտագին խնդակցութիւնը յայտնեցին, Հոգաբարձութեան կողմէ՝ Հայկ Մխճեան եւ Սագօ Շիրիքեան, Տիկնանց միութեան կողմէ՝ Սուզի Սենեքերիմեան, «ԳԶՎ» վարժարանի կողմէ՝ Ռոստոմ Այնթապլեան, ՀՕՄի «Կարին» մասնաճիւղին կողմէ՝ Աննիկ Զինտարսեան եւ Արարատ հայրենակցական միութեան կողմէ՝ Ազատ Ազատխանեան:
Օրուան մեծարեալը տուաւ իր կենսագրականը, անդրադառնալով իր կեանքի գլխաւոր հանգրուաններուն: Փակման եզրափակիչ խօսքը կատարեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Թորոսեան, որ դրուատեց Արաքս Սարեանի եզակի անձնաւորութիւնն ու արժանիքները, նշելով, թէ նման ազգանուէր անձի մը 85րդ տարեդարձը կարելի չէր ուրիշ կերպով տօնել:
Արաքս Սարեան իր 85րդ տարեդարձի առիթով գնահատելի գաղափարը յղացած էր փոխան նուէրի դրամական նուիրատուութիւն կատարել Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին. հրաւիրեալները սիրով ընդառաջեցին այս խնդրանքին:
Ապա, հաւաքուած գումարը 10,000 տոլարի բարձրացուցին Արաքս Սարեան եւ զաւակները ու հոգւոյ գոհունակութեամբ յանձնեցին եկեղեցւոյն:
Մեր սրտագին մաղթանքն է, որ մեր ծխական համայնքի անդամները եւս նման առիթներով լիաբուռն բարերարութիւններ կատարեն համայնքիս ազգապատկան կառոյցներուն:
Վարձքդ կատար սիրելի Արաքս. բոլորով միասին սրտանց կը շնորհաւորենք իրագործումներով բեղուն կեանքիդ 85րդ տարեդարձը՝ մաղթելով երկար ու արեւշատ տարիներ քեզի եւ սրտահատորներուդ: