ՋԱՒԱԽՔ, «Հետք».- «Միասնական æաւախք» ժողովրդավարական դաշինքի առաջնորդ Վահագն Չախալեանը Թիֆլիսի մեկուսարանէն տեղափոխած են Ռուսթաւիի դատապարտեալներու բանտ, ուր դատապարտեալներուն նկատմամբ պայմանները աւելի մեղմ են։
Ըստ «Երկիր» միութեան ծրագիրներու համակարգող Ռոպերթ Թաթոյեանի, այդ մեկուսարանին մէջ Չախալեանին թոյլատրուած է օգտուիլ գիրքերէ, սակայն Թիֆլիսի մեկուսարանէն դուրս գալու պահուն, անոր թոյլ չեն տուած բանաստեղծութիւններու իր տետրակը իրեն հետ վերցնել:
Յիշեցնենք, որ Վ. Չախալեանի վերաքննիչ բողոքի դատալսումը յետաձգուած էր մինչեւ Սեպտեմբեր 18: