ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութեան Օգոստոս 6ի նիստին ընթացքին, ՀՀ տնտեսութեան նախարար Ներսէս Երիցեան նշած է, որ ՀՀ կառավարութեան կողմէ իրականացող հակաճգնաժամային քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք, այս տարուան երկրորդ կէսին կ՛ակնկալուի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի վերաշխուժացման միտումներ:
Նախարարին խօսքով, սովորաբար արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ անկումը աւելի արագ կ՛ըլլայ, քան վերականգնումը, քանի որ վերջինս կապուած է վերապատրաստումներու, աշխատուժը զօրացնելու եւ արտադրութեան ծաւալները վերականգնելու հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.