ՊԱՔՈՒ.- «Թուտէյ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ ատրպէյճանցի երեսփոխան եւ Ատրպէյճանի խորհրդարանի ապահովութեան ու պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահ Այտըն Միրզազատէ, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզայի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի շրջանին մէջ խաղաղապահ ուժերու զետեղման մասին խօսքը մեկնաբանելով՝ յայտնեց, որ «Խաղաղապահներու հարցը այն հարցերէն մէկն է, զոր կողմերը տակաւին չեն համակարգած»։
Ան ըսաւ. «Խաղաղապահներուն հարցը երկար ատենէ ի վեր արծարծուած է։ Ատրպէյճան փաստած է, թէ կարգավիճակը կրնայ պահպանուիլ եւ խաղաղութեան համաձայնութեան կարելի է հասնիլ առանց խաղաղապահներու։ Ատրպէյճան-Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը առանց խաղաղապահներու միակ տագնապն է, ուր զինադադարը կը յարգուի, բացառութիւն է ատեն-ատեն Հայաստանի կողմէ կարգ մը խախտումները»։
Միրզազատէ յայտնեց. «Կը կարծեմ, որ բռնագրաւեալ ատրպեճանական հողերուն վրայ խաղաղապահներու տեղակայումը կրնայ քննարկուիլ միայն երկու կողմերու հաւանութենէն ետք։ Դժուար է ըսել, թէ անոնց որոշումը ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Թերեւս Ատրպէյճանէն եւ Հայաստանէն խաղաղապահ ուժեր պիտի ըլլան կամ երկու կողմերուն համաձայնութեամբ կարգ մը երկիրներէ խաղաղապահներ պիտի տեղակայուին։ Եւ թերեւս կողմերը պիտի համաձայնին երբեք ալ խաղաղապահներ չտեղակայել»։
«Չեմ կարծեր, որ խաղաղապահներու անմիջական կարիք մը կայ, որովհետեւ Ատրպէյճան եւ Հայաստան երկար ատենէ խաղաղ ապրած են։ Կը կարծեմ, որ անոնք կրնան առանց խաղաղապահներու մնալ։ Սակայն եթէ խաղաղապահներու հարցին մէջ անոնց տեղակայման ի նպաստ համաձայնութիւն պիտի գոյանայ, ապա չեմ կարծեր, որ հողամասերուն վրայ երկար պիտի մնան։ Կը կարծեմ, թէ անոնք առանց միջնորդներու հասարակաց լեզու պիտի գտնեն», ըսաւ ան։