ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Թուրքիոյ նախագահ Ապպտուլլահ Կիւլ վերջերս Պիթլիս գացած է ու իր այդ այցելութեան ընթացքին անցած է անցեալին Նորշին, իսկ 1960էն իր վեր՝ Կիւրօյմաք կոչուած գիւղէն:
Այդտեղ, նախագահ Կիւլ, գիւղին մասին խօսելու ընթացքին, օգտագործած է անոր նախկին անունը՝ Նորշին, սիրաշահելու համար քիւրտերը, որոնք երբեք չեն սիրած Կիւրօյմաք կոչումը:
Քիւրտերը սիրաշահելու եւ քրտական հարցին նոր ոճով մօտենալու թրքական իշխանութեանց որդեգրած քաղաքականութեան մէկ փոքր դրսեւորում ըլլալով հանդերձ, այս վերադարձը դէպի նախկին անուանակոչում յառաջ կը բերէ նոր խնդիրներ ու նոր գլխացաւ իրենց համար:
Արդարեւ, այս մօտեցումը նոր հարցերու դուռ կը բանայ, ինչպէս օրինակ, այս պարագային, «Մարմարա» թերթի խմբագրութիւնը կ՛արծարծէ Նորշինի ծագման խնդիրը՝ յիշեցնելով իր ընթերցողներուն, նաեւ աշխարհին, որ Նորշինի պատմական անունը Նորշէն է:
«Այսօր մամուլը քրտական արմատ կամ նշանակութիւն կը վերագրէ Նորշին անուան, կը բացատրէ, թէ այս բառը կը նշանակէ նոր շինութիւն, նոր լոյս, նոր շէնութիւն, եւ այլն։
«Այս բանավէճը յայտնի է, որ պիտի շարունակուի աւելի լայն արձագանգներ ստեղծելով, բայց տակաւին չտեսանք, որ մէկն ալ յիշեցնէ, թէ այս անունը պէտք է ըլլայ Նորշէն, ոչ թէ՝ Նորշին, եւ թէ պէտք է ունենայ հայկական ծագում՝ արտայայտելով նոր շինութեան, նոր շէնութեան եւ բնակութեան գաղափարը», կը գրէ «Մարմարա»:
Այս անմեղ յիշեցումէն կը բարձրանայ մէկ այլ խնդիր: Թուրքիոյ իրական էութիւնը պարզաբանող հարցը, որ իբրեւ Արեւմտեան Հայաստանը բռնագրաւող պետութիւն՝ պէտք է աշխարհին ծանօթացուի իբրեւ այդպիսին, իբրեւ հայ ժողովուրդի հայրենիքը զաւթող, բռնագրաւող իշխանութիւն:
Ի՜նչ տեղին յիշեցում մըն է ասիկա: