ՊԱՔՈՒ.- «Թուտէյ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանցի քաղաքական վերլուծաբան Ռասիմ Մուսապայով, մեկնաբանելով Մէթիու Պրայզայի այն յայտարարութիւնը, թէ՝ մօտ օրէն Թինա Քէյտընաու զինք պիտի փոխարինէ, կը յայտնէ, որ «Թինա Քէյտընաուի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ նշանակուիլը լաւ նշան մը չէ։ Միացեալ Նահանգներ թերեւս Քոսովոյի եւ Ղարաբաղի կացութեան միջեւ զուգահեռներ կը տեսնէ»։
Քէյտընաու 2008ին նշանակուած էր Քոսովոյի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան եւ նախապէս Քոսովոյի մայրաքաղաք Փրիշթինայի մէջ ծառայած էր իբրեւ յատուկ պատուիրակ։ «Սակայն ինծի համար շատ լաւ նշան մը չէ։ Որովհետեւ Քոսովօ վերջաւորութեան Սերպիայէն անջատուեցաւ։ Չեմ սիրեր այն իրողութիւնը, թէ Միացեալ Նահանգներ այդպիսի փորձառութիւն եւ տրամադրութիւն ունեցող համանախագահ մը կը նշանակէ։ Բայց եւ այնպէս, կարելի չէ եզրակացութիւններ կատարել՝ առանց անձին եւ անոր դիրքորոշման ծանօթանալու։ Ի վերջոյ ասիկա ամերիկեան որոշում է, ամերիկացի թեկնածու, եւ ան միայն միջնորդ մըն է», ըսաւ Մուսապայով։