ՄԱՐԻ ԳԱՐԱԼԵԱՆ
Հայ ամերիկեան տարեցներու միութեան Էնսինոյի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Յուլիս 25ին, «Ֆերահեան» վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Իրան-Հայաստան օդանաւային թռիչքի զոհերուն նուիրուած հոգեճաշը՝ ներկայութեամբ 51 անդամներու:
Ճաշօրհնէքէն ետք, ատենապետ Սուրէն Գահվէճեան հրաւիրեց ներկաները՝ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցելու զոհերուն:
Ճաշի մատակարարումէն ետք, ատենապետը հրաւիրեց օրուան երգիչ Աւօ Նաքաշեանը, որ հրամցուց գեղեցիկ երգերու փունջ մը՝ ընկերակցութեամբ ատենապետին եւ Վազգէն Սեփէթճեանի: Ներկաները սրտաբուխ նուիրատուութիւններ կատարեցին միութեան կրթական հիմնադրամին:
Ապա, ատենապետը տեղեկութիւններ տուաւ 2010ի մարդահամարին մասին՝ շեշտելով, թէ իւրաքանչիւր հայ պարտի նշել իր հայ ըլլալը:
Ան նաեւ յայտնեց, թէ մասնաճիւղին վարչութեան անունով, շնորհաւորական քարտ մը ղրկուած է նախկին վարչական Զաքար Չորպաճեանին, որ «Տիպար ՀՄԸՄական» ընտրուած էր վերջերս: Իր կարգին, Չորպաճեան շնորհակալական գիր մը եւ կրթական հիմնադրամին նուիրատուութիւն մը ղրկած էր:
Գեղարուեստական յայտագիրին երկրորդ բաժնին մասնակցեցան Աւօ Նաքաշեան, Սուրէն Գահվէճեան ու Մարի Գարալեան, ապա ատենապետը շնորհաւորեց Յուլիս ամսուան ծնունդները:
Ներկաները ուրախ մթնոլորտի մէջ բաժնուեցան իրարմէ՝ յաջողութիւն մաղթելով վարչական կազմին: