Ուրբաթ, Օգոստոս 21ին, «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթը կը հաղորդէ, թէ 9րդ շրջանի դաշնակցային վճռաբեկ ատեանը, մէկի դէմ երկու քուէներով վճռած է խլել Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ամերիկացի շառաւիղներուն կողմէ օտար ընկերութեանց դէմ դատ բանալու իրաւասութիւնը՝ պնդելով, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային ատեանի մը կողմէ նման դատեր բանալու արտօնութիւն տուող վճիռը ոտնակոխում մըն է դաշնակցային կառավարութեան կեցուածքներուն:
Ատեանին երկու դատաւորները յայտնեցին, թէ նման դատեր պէտք չէ բացուին, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ցարդ պաշտօնապէս ցեղասպանութիւն չէ կոչած հայկական ջարդերը: Երրորդ դատաւորը արդար գտած էր Քալիֆորնիոյ ատեանին որոշումը:
Յայտնենք, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգային ատեան մը 2000ին իրաւունք տուած էր Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ժաառանգորդներուն, որ դատ բանան գերմանական երեք ապահովագրական ընկերութեանց դէմ, որոնք զոհերուն հատուցումները չէին կատարած:
Կլէնտէյլի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հայր Վազգէն Մովսէսեանի ու հազարաւոր այլ հայորդիներու անունով բացուած դատին փաստաբանները՝ Պրայըն Քապաթէք եւ Վարդգէս Եղիայեան, դատապարտեցին վճիռը՝ խոստանալով հարցերը աւելի բարձր ատեանի մը ներկայացնել:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Վիգէն Սոնենց Փափազեան դաշնակցային ատեանին որոշումը ամերիկահայութեան ուղղուած անարգանք մը համարեց եւ ազդարարեց, որ եթէ վճիռը անփոփոխ մնայ, ապա այդ մէկը պիտի ըլլայ վարձատրութիւն մը Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ կառավարութեան ջանքերուն: «Վճիռը այն պատգամը կու տայ, որ եթէ ամերիկեան կառավարութեան սպառնաս կամ զայն սիրաշահիս, ապա պիտի յաջողիս ամերիկեան ատեանի մը մէջ իսկ ամերիկացի քաղաքացիի մը արդար իրաւունքը խլել», կ՛աւելցնէ ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
AMOT Amerikayi datakan atyanin ev miajamanak AMOT ayn germanakan apahovagrakan enkerutyunnerin, ovker urakhutyamb yuratsnum en Hayots Tseghaspanutyan zoher – irents hajakhordneri gumarnere.
Kartsum em, vor drants anunnere petk e hraparakel ev khaytarakel – nrants voch mardkayin ketsvatski hamar.
Gtnum em, vor ayd apahovagrakan enkerutyunnern aveli u aveli kshahen, ete i hejuks datakan atyani voroshman vjaren ayd gumarnere.
DRANOV, NRANK METS HEGHINAKUTYUN DZERK KBEREN ev IHARKE, IRENTS KHghji araj aveli makur klinen. Che vor nrants hajakhordnere kotorvel u zoh en gnatsel 1915, ev ete qaghaqakan nkatarumnerov Amerikan khusapum e da kochel ir anunov – GENOCIDE, apa da bnav chi azatum ayd enkerutyunnerin irents patke veradartsneluts!
Husov em, vor veradas atyane cheghyal khaytarari dashnaktsayin vjrabek atyani voroshume!