ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Անձի մը ինքնութիւնը գիտնալը կարեւոր է, մանաւանդ երբ մասնաւոր կապ մը, գործ կամ առաքելութիւն մը ունինք իրագործելիք անոր հետ: Ընկերային կեանքի ամէնէն անհրաժեշտ երեւոյթներէն մէկն է ասիկա: Յատկապէս, երբ ընտանիքներ նոր կը ծանօթանան իրարու, եւ յանկարծ եթէ պատահի, որ խնամախօսական նպատակներով ճամբայ ելլեն, մանրակրկիտ հետազօտութիւն կը կատարեն: Հետաքրքրական է նաեւ, որ այս հարցուփորձի ընթացքին ամուսնութեան թեկնածու աղջիկը կամ տղան չէ որ միայն քննարկումի նիւթ կը դառնայ, այլ անոնց ամբողջ ընտանիքը, երբեմն անոնց նախորդ սերունդը, որքան որ կարելի ըլլայ դէպի անցեալ խորասուզուիլ:
Ո՞վ է այն մարդը, որուն այսօր հանդիպեցայ: Ի՞նչ արհեստի տէր է, ի՞նչ զբաղում ունի, կամ ի՞նչ նախասիրութիւններ: Ծնողները եւ նախածնողները ովքե՞ր եղած են: Անոնցմէ ժառանգած նկարագրային ի՞նչ գիծեր ունի, եթէ նշանաւոր անձեր եղած են անոնք: Նոյն հարցումը՝ եթէ յանկարծ վատահամբաւ մարդիկ եղած են:
Ոմանք կը փորձեն փարատել հարցուփորձ ընողներուն ծայրայեղ մտահոգութիւնը, մանաւանդ, երբ ոչ պատուաբեր անցեալ ունեցող ընտանիքի մը զաւակին կամ թորան մասին է խօսքը, ըսելով, թէ անձը ոչ մէկ յանցանք ունի՝ իր նախնիներուն ժառանգորդը ըլլալով: Իւրաքանչիւր անձ, տարբեր անհատականութիւն մըն է, մանաւանդ երբ լաւ կրթութիւն ստացած է, քրիստոնեայ դաստիարակներու ձեռքին տակ: Այդպէս չէ՞ր մեր պատմութեան հերոսներէն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, որ դաւադիր Անակի զաւակն էր: Հայաստան աշխարհի քրիստոնէութեան դարձը, սակայն, անոր ձեռքով եղաւ, որովհետեւ քրիստոնէական կրթութեամբ մեծցաւ, ու աստուածային առաքինութիւններ աճեցան իր հոգիին մէջ: Այլապէս, Հայոց արքան սպաննող Անակի զաւակը ըլլալով՝ Գրիգոր յաւիտենապէս մերժուած պէտք է ըլլար մեր ժողովուրդէն:
Հետեւաբար, զաւակ մը, թոռ մը, կամ ընտանիքի որեւէ մէկ անդամին հետ մեր առնչութիւնը կախեալ չէ՛ տուեալ գերդաստանին պատկանած վատահամբաւ անձի մը ներկայացուցած բարոյական կարգավիճակէն:
Հակառակ այս տրամաբանութեան եւ դատողութեան եղանակին, դիմացինին ինքնութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը մարդոց մտքին մէջ կը մնայ դրոշմուած զանազան հարցականներով: Ոմանք ուղղակի կ՛արտայայտեն իրենց մտքի հարցումը, երբ մէկը ինքզինք կը ծանօթացնէ իրենց. անոնք կը պատասխանեն. «… Իսկ, դուք ո՞վ էք»: Ուրիշներ իրենց մտքէն կը կատարեն նոյն հարցադրումը, այս անգամ իրենք իրենց հարցնելով. «Արդեօք ո՞վ է այս մարդը», «Կ՛արժէ՞ միթէ մտերմանալ անոր հետ», «Արտաքնապէս լաւ կ՛երեւի», «Ի՞նչ կարողութիւններու տէր է արդեօք», եւ այլն:
Այս հարցումին Սուրբ Գրային տեսակին կը հանդիպին Նոր Կտակարանի էջերուն: Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ կը կարդանք, թէ Պօղոս առաքեալ Գաղատիոյ եւ Փռիւգիոյ կողմերը պտտելէ ետք, Եփեսոս կ՛երթայ: Անոր ձեռքով արտասովոր հրաշքներ տեղի կ՛ունենան: Մարդիկ հաւատքէ մղուած՝ մինչեւ իսկ իր քրտինքոտ թաշկինակը եւ գործի հագուստը կը տանէին հիւանդներուն եւ անոնք կը բժշկուէին իրենց ցաւերէն ու չար ոգիներէն (Հմմտ Գրծ 19.11-12):
Նոյն էջերուն մէջ կ՛ըսուի նաեւ, որ կարգ մը հրեաներ, որոնք շրջելով՝ աղօթք կ՛ընէին, չար ոգիներ հանելու համար Յիսուսի անունը կ՛օգտագործէին: Սկեւա անունով հրեայ քահանայի մը եօթը զաւակները արհեստի վերածած էին այս մէկը: Անոնք յանդգնեցան չար ոգի ունեցող մարդ մը բժշկելու համար անոր մէջ բնակութիւն հաստատած ոգիին ըսել. «Երդումով կը հրամայեմ ձեզի՝ այն Յիսուսին անունով, զոր Պօղոս կը քարոզէ»:
Եւ զարմանալիօրէն, մարդուն մէջէն չար ոգին կը պատասխանէ ըսելով.
– Յիսուսը գիտեմ, Պօղոսն ալ կը ճանչնամ. իսկ, դուք ո՞վ էք:
Այս ըսելով, չար ոգի ունեցող մարդը կը յարձակի եօթը եղբայրներուն վրայ, եւ մէկ առ մէկ կը խոշտանգէ զանոնք եւ կիսամերկ ու վիրաւոր կը փախչին այդ տունէն: Ասոր վրայ, Եփեսոսի բնակչութեան մէջ վախ մը կ՛իյնայ, կախարդութիւն ընողներ իրենց գիրքերը մէջտեղ կը հանեն ու կ՛այրեն եւ Քրիստոսի Եկեղեցին կը զօրանայ:
Յարձակողական այն կերպը, որով չար ոգին հարցուց վերոյիշեալ «իսկ, դուք ո՞վ էք» հարցումը, կեանքի ընթացքին շատեր կը հարցնեն, մանաւանդ երբ ամբարտաւան մարդոց դէմ յանդիման գտնուին: Մարդիկ, որոնք մասնաւոր պատասխանատուութիւն մը չունին, ոչ ալ կարեւոր ներդրում կատարած են կամ կը կատարեն, սակայն փառքի վերարկուին կը պլլուին, եւ անոր շողշողուն փայլը օգտագործելով՝ իրենք զիրենք կը ծանօթացնեն մեծութիւններու: Մարդիկ, քաղաքավարութեան համար նախ կ՛ունկնդրեն զիրենք, կը կշռեն անոնց իմացական կարողութիւնը եւ ի վերջոյ, որոշ դատաստան մը կատարելէ ետք իրենց մտքին մէջ, անխուսափելի հարցումը կ՛ուղղեն անոնց.
– Իսկ, դուք ո՞վ էք:
Որովհետեւ այդպիսի թշուառականներ այնքա՛ն ածականներ կը գործածեն իրենք իրենց մասին կատարած ներածականներուն մէջ, որ իրենց բուն անունը տալու կը մոռնան երբեմն իրենց խօսակիցին…: Եւ կամ, դիտումնաւոր կերպով չեն տար, որովհետեւ բնականօրէն հռչակ չունենալով՝ խօսակիցը անորոշութեան նշան եղող գլխու շարժումով մը պիտի պատասխանէ, թէ ծանօթ չէր նման անուն մը իրեն ցարդ:
Այսպիսի դէպքի մը ականատես ու ականջալուր եղայ, երբ արուեստաբան մը խորասուզուած էր ցուցահանդէսի մը գործերուն մէջ եւ կը փորձէր կարդալ արուեստագէտին ապրումները ու տագնապները: Հեռուէն նշմարելով զայն՝ նորափթիթ ուրիշ արուեստագէտ մը, որ պարզապէս այցելելու եկած էր այդ ցուցահանդէսը, հեռուէն մօտեցաւ անոր, ու երկար տարիներու բարեկամի մը պէս ողջունելով՝ ուղղակի սկսաւ ցուցադրուած գործերուն մասին իր «հեղինակաւոր» կարծիքը արտայայտել: Ան յանդգնեցաւ նաեւ խօսելու իր դիմաց գտնուող մեծ արուեստաբանին յօդուածներուն, կատարած կարգ մը վերլուծումներուն եւ արուեստի վերաբերեալ տարբեր մօտեցումներուն մասին՝ որոշ տեղեկութիւններ քաղած ըլլալով նախօրօք: Մեծխօսիկը չէր մոռնար անշուշտ երկու բառին միջեւ իր խօսակիցին անունը տալու՝ պարտադրուած ընկերայնութեան իբրեւ նշանակ: Բայց չէր կրնար երկար տեւել նման պարտադրանք մը, մանաւանդ յիշեալ յարգելի արուեստաբանին հանգամանքը նկատի ունենալով: Եւ յանկարծ, ինքնամատոյց անձին միակողմանի խօսակցութիւնը ընդհատուեցաւ, երբ արուեստաբանը անհամբերութեամբ ընդմիջելով «շատ կարեւոր» նախադասութիւն մը հարցուց անոր.
– Իսկ, դուք ո՞վ էք:
– Ե՞ս… ե՞ս… ես…: Ի վերջոյ ան տուաւ իր անունը, որ բնաւ ծանօթ չէր բնականաբար արուեստաբանին, որ շարունակեց ցուցահանդէսի սրահին մէջ շրջիլ, այդպէս ալ վերջ դնելով իրեն պարտադրուած կարճ մենախօսութեան:
Երբեմն կեանքի մէջ կարեւոր է ճանչնալ մեր խօսակիցը, կամ անոնք, որոնց հետ գործ պիտի ունենանք՝ հարցնելով այս պարզ, բայց յարգալից հարցումը…: