ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Եւրոպական ինտէկրացիա» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Կարէն Բեքարեան, Օգոստոս 25ին հանդիպելով լրագրողներուն հետ՝ յայտնած է, թէ Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ, վերջին երեք ամսուան ընթացքին, փոփոխութիւններ չեն նկատուիր: Ըստ բանախօսին, մէկ կողմէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի դիրքորոշումը Թուրքիա մեկնելու վերաբերեալ, միւս կողմէ՝ այդ դիրքորոշման առնչութեամբ Թուրքիոյ անպատասխան կեցուածքը, հարցին կու տան օդէն կախուած ըլլալու տպաւորութիւն, եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ՝ ընդմիջում։ Ասով հանդերձ, սակայն, յառաջիկային հաւանական է, որ ականատես ըլլանք տարբեր քայլերու: «Ֆութպոլային խաղին շատ ժամանակ չի մնացել, Հոկտեմբեր ամիսը սարերի հետեւում չէ, եւ կարծում եմ, Սեպտեմբերին արդէն ինչ որ քայլեր կը յստակացուեն եւ կ՛որոշակիանան», յայտնած է Կ. Բեքարեան:
Ըստ անոր, կան շատ հարցեր, որոնք կը թուին, թէ կապուած չեն հայ-թրքական յարաբերութիւններուն հետ, սակայն խորքին մէջ կրնան կապ ունենալ, ինչպէս՝ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցին վերաբերեալ որոշ տեղաշարժները եւ այդ խնդիրներուն նկատմամբ իշխանութիւններու կեցուածքին փոփոխութիւնը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ներքաղաքական իրավիճակը, որ կապուած է իշխանութիւն-ընդդիմութիւն յարաբերութիւններուն հետ:
Բեքարեան ճիշդ չի գտներ այն տեսակէտը, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն կարգաւորման համար հիմնական որոշիչը բարի կամքն է. ըստ իրեն, առաւել էական գործօնը երկիրներուն շահերն են:
Բանախօսը թէեւ չի կիսեր այն կարծիքը, թէ՝ ընդհանրապէս պէտք չէ ունենալ յարաբերութիւն Թուրքիոյ հետ, այնուամենայնիւ, կը հաւատայ, որ գործընթացին մէջ պէտք է անպայման ապահովել Հայաստանի շահերը: Կ. Բեքարեան ճիշդ չի գտներ նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն կարգաւորումը՝ ղարաբաղեան հարցի լուծման տեսակէտէն: «Ես համոզուած եմ, որ Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն չի փորձի բանակցել Թուրքիայի հետ ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման համար: Հաւատացէք, կան բաւականին բարձր արժէքներ, որոնք իշխանութիւնները չեն անտեսի», համոզուած է Կ. Բեքարեան:
Անդրադառնալով «ճանապարհային քարտէս»ին՝ Կ. Բեքարեան նշած է, որ անոր մասին կրնայ մեկնաբանել միայն այն ժամանակ, երբ զայն տեսնէ թուղթի վրայ գրուած. «Ճանապարհային քարտէս»ը, ըստ Կ. Բեքարեանի, կ՛ենթադրէ գործողութիւններ, որոնք չեն յանգեցներ յեղափոխական փոփոխութիւններու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.