ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս դիմած է Քոնկրէսին, Թուրքիոյ մօտաւորապէս 7.8 միլիառ տոլար արժող երկար հասողութեամբ հրթիռներ եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր ծախելու թոյլտուութեան համար:
Եթէ ամերիկեան Քոնկրէսը դէմ չդնէ այս առաջարկին, ապա Թուրքիա յիշեալ սպառազինութիւնը գնելու արտօնութիւն կը ստանայ:
Թուրքիոյ վաճառուելիք սպառազինութիւնը կը բովանդակէ հեռահար հիթիռներու 13 մարտկոցներ, 72 «PAC-3» հրթիռներ, այլ հրթիռներու տեսակներ եւ հակաօդային պաշտպանական համակարգեր:
«Patriot PAC-3» համակարգերը կ՛արտադրուին «Լաքհիտ Մարթին» եւ «Ռէյթիան» ընկերութիւններուն կողմէ:
Պաշտանութեան նախարարութեան դիմումին մէջ նշուած է, թէ Թուրքիան շրջանին մէջ «խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման գործին մէջ Միացեալ Նահանգներու գործընկերն է: Ամերիկեան շահերէն կը բխի շրջանին մէջ ՆԱԹՕի մեր դաշնակիցին սեփական պաշտպանութիւնը ապահովելու գործին մէջ յատկանշական այս աջակցութիւնը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.