ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Մեկնաբանելով Նիւ Եորքի մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի կատարած յայտարարութիւնը, թէ՝ Թուրքիան Հայաստանի հետ սահմանը կը բանայ միայն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումէն ետք, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական բանբեր Էլհան Փոլուխով յայտնեց. «Մենք մեր թուրք գործընկերներէն այլ բան չէինք սպասեր։ Մենք բաւարարուած ենք Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի դիրքորոշումով, թէ՝ ան կը պահէ Ատրպէյճանին տուած իր խոստումը, որուն համաձայն, առանց Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման՝ հայ-թրքական սահմանը չի բացուիր»։
Ըստ Փոլուխովի, Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման գործին մէջ միջազգային հանրութեան ջանքերը կախուած են նաեւ Հայաստանի դիրքորոշումէն։ «Անկախ Ատրպէյճանի ջանքերէն, ցաւօք, Հայաստանի կողմէն մենք կառուցողականութիւն չենք տեսներ եւ այդ ուղղութեամբ անոնցմէ կը սպասենք որոշակի քայլեր», ըսաւ ան։