Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Իբրեւ ծնողք, բոլորս ալ որոշ չափով հնազանդութիւն կ՛ակնկալենք մեր զաւակներէն: Երբ ըսենք անոնց՝ ուշադի՛ր եղիր, փողոց մի՛ վազեր, կամ ակռաներդ վրձինէ՛, կ՛ենթադրենք, որ հնազանդին մեզի, առանց սակարկութեան կամ բացագանչութիւններու:
Յաճախ շատ ծանր ու դժուար է երեխան հնազանդ դարձնել, առանց վէճի կամ պոռչտուքի: «Մի՛ ըներ, որովհետեւ ես այդպէս ըսի»ի մեթոտը այնքան ալ ազդու չէ եւ պէտք եղած արդիւնքը չի տար: Ուժ բանեցնելը միայն կը նպաստէ երեխային հակադարձելու վարժութիւնը զարգացնելու եւ զինք աւելի անկարգապահ դարձնելու, միաժամանակ՝ ծնողքը սարսափահար եւ շուարած պահելու:
Բարեբախտաբար գոյութիւն ունին կարգ մը ձեւեր, որոնց միջոցաւ կրնաք ղեկավարել երեխաներուն վարուելակերպը, առանց պոռչտուքի, անախորժ դիմադրութեանց եւ արցունքներու: Այս միջոցներու կերառումով պիտի կարենաք ձեր երեխան ղեկավարել բաւական խաղաղ եւ հանդարտ ձեւով: Այս մէկէն պիտի օգտուիք դուք եւ ձեր երեխան: Լաւ դաստիարակուած երեխան ինքզինք յարգուած եւ ուժեղ կը զգայ, որովհետեւ ինքզինք ղեկավարելու կարողութիւնը ունի: Նաեւ հպարտ կը զգայ, որովհետեւ հանդիմանութեան եւ ստիպումներու պէտք չունենար հանրութեան առջեւ:
Նախադպրոցական շրջանը կը համարուի յարմարագոյնը՝ դաստիարակելու, կարգ-կանոն եւ ընդունելի վարուելակերպ սորվեցնելու համար: Այդքան կանուխ սկսելով՝ լաւ պտուղ կրնաք քաղել հետագային:
Առաջարկուած միջոցներ
1- Դրական մօտեցում: Նկատեցէք ձեր զաւակին կատարած ճիշդ վարմունքները: Գնահատեցէք եւ զանոնք օգտագործեցէք իբրեւ առաջնորդ, որեւէ այլ խնդրանքի պահուն: Այս մէկը կը քաջալերէ ու կը մղէ զինք ուրիշ լաւ եւ դրական արարք մը իրագործելու:
2- Երբ խնդրանք մը կամ թելադրանք մը կը կատարէք, մօտեցէք երեխային եւ մեղմ շոյանքներով ձեր ըսելիքը փոխանցեցէք: Մօտեցումն ու հպումը կրնան ապահովել ձեր թելադրանքին իրագործումը: Տան մէկ անկիւնէն պոռալով թելադրուածը, շատ վստահ, իր սպասուած արդիւնքին պիտի չհասնի:
3- Վերաուղղեցէք զինք: Եթէ ոեւէ սխալ ընթացքի մէջ է երեխան, նախընտրելի է, որ զինք ուղղէք այլ կողմ: Օրինակ, եթէ սխալ բան մը կը ձեռնէ, հեռացուցէք անկէ ու բացատրեցէք, թէ ի՞նչ բանի կրնայ դպչիլ:
4- Եթէ ձեր երեխան գունաւոր մատիտներով պատերուն վրայ կը ներկէ, անմիջապէս մատիտները վերացուցէք: Ուրիշ առիթով ալ ցոյց տուէք, թէ ո՞ւր կրնայ գծել այդ մատիտներով:
5- Ինքնաղեկավարման առաջնորդեցէք: Եթէ պատահի, որ ճաշասեղանին վրայ ելած ըլլայ, իրեն յստակօրէն փոխանցեցէք. «Չեմ ուզեր սեղանին վրայ մնաս, կ՛ուզե՞ս ես քեզի վար իջեցնեմ, թէ կը նախընտրես օգնեմ, որպէսզի սեղանէն վար իջնես»: Այսպէս ինքզինք ղեկավարելու կարողութիւնը, հանգրուանային կերպով ձեզմէ պիտի փոխանցուի իրեն:
6- Նախապէս մթնոլորտ պատրաստեցէք: Նախքան տարեդարձի մը կամ ճամբորդութեան մը երթալը, անհրաժեշտ է մարզէք ձեր երեխան եւ համապատասխան ցուցմունքներ տաք իրեն: Ձեր ցուցմունքները թող իրապաշտ ըլլան: Օրինակ՝ «Հանդարտ կը նստիս մինչեւ որ մեծ մայրիկը իր տարեդարձի նուէրները բանայ»:
7- Երեխան հեռուն կամ յաջորդ դէպքը նախատեսելու կարողութիւն չունի: Այս մէկը պատճառ կը դառնայ, որ ան տակնուվրայութեան մատնուի անցումային պահերու ընթացքին: Քանի մը վայրկեան առաջ զգուշացուցէք զիրենք եւ պատրաստեցէք յաջորդին, զոր օրինակ ըսելով՝ «Շատ լաւ ժամանակ անցուցիր Նժդեհին հետ, հինգ վայրկեանէն պիտի մեկնինք»: Հակառակ պարագային, եթէ մերժեց երթալ հինգ վայրկեանէն, դրէք զինք ինքնաշարժին մէջ եւ ձեր ըսածը իրագործեցէք:
8- Հեռու մնացէ՛ք փորձութիւններէ: Եթէ նպարավաճառի երթալը ձեր զաւակին համար փորձութիւն է, որոշ ժամանակի մը համար հրաժարեցէք զինք հոն առաջնորդելէ եւ ինք պիտի մոռնայ իր վատ վերաբերմունքը:
9- Տեղափոխուեցէք: Խճողուած տեղ մըն էք եւ երեխան սկաւ անհանդարտ շարժումներ կատարելու ու խանգարելու: Պահ մը դուրս հանեցէք զինք եւ հանդարտելէ ետք անցէք ձեր գնումին կամ ճաշին:
10- Յստակ յայտնեցէք, թէ դուք կը հետեւիք իր արարքներուն շատ մեծ ուշադրութեամբ: Օրինակի համար, կրնաք ըսել. «Ես չեմ կրնար վերարկուդ հագցնել, բայց կը հետեւիմ քեզ հագուած միջոցիդ»:
11- Կարճ յիշեցումներ: Եթէ ձեր զաւակը մոռցած է պարտականութիւն մը կատարելը, կարճ եւ նուրբ ձեւով յիշեցուցէք անոր:
12- Յստակ հրահանգներ: Փոխանակ «Սենեակդ մաքրէ՛» ըսելու, կրնաք գործերը մէկ առ մէկ թուել: Կօշիկներդ շարէ՛, անկողինդ գոցէ՛, գուլպաներդ դարակին մէջ դի՛ր, եւ այլն… 13- Բացատրեցէք եւ ներկայացուցէք: Մինչ ձեր ակռաները կը վրձինէք, բացատրեցէք երեխային, թէ բոլոր ճճիները կը հեռացնէք ձեր ակռաներէն, որպէսզի զօրաւոր եւ սիրուն ակռաներ ունենաք: Ապա պիտի համոզէք, որ միասին կատարէք այդ մէկը: