ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հայաստան ցամաքով շրջապատուած (landlocked) երկիր մը ըլլալով, բեռներու փոխադրութեան մեծագոյն մասը, դէպի Հայաստան կամ երկրէն դուրս, տեղի կ՛ունենայ ցամաքի ճամբով Վրաստանի Պաթում եւ Փոթի նաւահանգիստներէն: Թուրքիա փակած է սահմանը 1993ին, իսկ Ատրպէյճան դադրեցուցած է երկաթուղային հաղորդակցութիւնը եւ քարիւղի առաքումը Դեկտեմբեր 1989ին:
Միացեալ Ազգերու Ուխտը ստորագրող երկիրները, որոնց կարգին նաեւ Հայաստանն ու Վրաստանը, պարտաւոր են ընդունիլ եւ կիրարկել Ուխտի բոլոր պայմանները: Անոնց մաս կը կազմեն Ծովու Օրէնսդրութիւն (1) կոչուած յօդուածները (վաւերացուած 10 Դեկտեմբեր 1982ին)։ Անոնք կը սահմանեն.
«ա. ցամաքով շրջապատուած երկիրները իրաւունք ունին մուտք ունենալու դէպի ծով եւ հակառակ ուղղութեամբ, վայելելով թրանզիթի ազատութիւնը թրանզիթ պետութիւններու հողատարածքին ընդմէջէն։
«բ. ցամաքով շրջապատուած աննպաստ աշխարհագրական դիրք ունեցող երկիրները իրաւունք ունին արդար հիմունքներով շահագործելու ծովափնեայ երկիրներուն Սահմանափակ Տնտեսական Գօտիին (2) մէջ ապրող հարստութիւնները (ծովային կենդանիները):»
Ստեղծուած է նաեւ, Լա Հէյի մէջ, միջազգային դատարան մը, Ծովու Օրէնքներուն վերաբերող (ITLOS) (3) : Իտալիոյ Թրիէսթ քաղաքը, Ադրիական ծովի հիւսիսային ափին, դարձած է միջազգային նաւահանգիստ մը: Աւստրիոյ, որ Հայաստանի նման ցամաքով շրջապատուած երկիր մըն է, ծովային ամբողջ փոխադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ այդ նաւահանգիստէն, ինչպէս նաեւ Սլովենիոյ նորակազմ հանրապետութեան ծովային առեւտուրին մեծագոյն մասը:
Այնպէս կերեւի, թէ անկախանալէն ի վեր Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւնները անծանօթ պատճառներով չեն արծարծած ու պահանջած միջազգային օրէնքներով սահմանուած՝ Վրաստանի վրայով ազատ թրանզիթի մեր ծովային իրաւունքները, մշտական եւ ապահով անցք մը հաստատելու նպատակով։
Հայաստան միչեւ այսօր կախեալ մնացած է Վրաստանի իշխանութիւններուն քմահաճ վերաբերմունքէն, եւ յաճախ նաեւ կաշառք վճարած է այդ երկրի ընդյատակեայ յանցագործ որոշ տարրերու, որպէսզի բեռները երկար ժամանակ չսպասեն նաւամատոյցներուն վրայ:
Ցամաքային ճամբով փոխադրութեան բնական եւ տրամաբանական երկրորդ ուղին է՝ դէպի Իրան եւ Իրանի վրայով դէպի ուրիշ երկիրներու ճամբան: Ներկայիս այս ճամբան կը գործածուի սահմանափակ տարողութեամբ մը միայն: Յայտնի չէ թէ ինչու աւելի մեծ տարողութեամբ եւ իր լման կարելիութիւններով չ՛օգտագործուիր այս կենսական մայրուղին: Վերջին տարիներուն միայն, սկսած է Մեղրի-Երեւան ճամբուն վերաշինութիւնը: Երկաթուղագիծ հաստատելու լուրջ ծրագիր մը գոյութիւն չունի տակաւին: Հեռատես իշխանութիւններ պարտին մտածել նա՛եւ Մեղրիէն մինչեւ Պարսից Ծոցի Ապատան նաւահանգիստը երկարող թրանզիթի արագ ուղի մը հաստատելու կարելիութեան մասին, իրանական կառավարութեան հետ գործակցաբար: Անշուշտ ասիկա շատ մեծ ծրագիր մըն է, եւ բազմածախս, սակայն ո՛չ անիրագործելի:
Գոյութիւն ունի նաեւ՝ օդային փոխադրութեան կարելիութիւնը որոշ տեսակի ապրանքներու եւ բեռներու համար, մեծ բեռնատար օդանաւերով (Cargo Planes): Մասնաւոր օդակայան պէտք է կառուցուի այս օդանաւերուն համար եւ օդային գիծեր հաստատուին բարեկամ երկիրներու հետ, ինչպէս՝ Յունաստան, Լիբանան, Ռուսաստան եւ ուրիշ երկիրներ, ուր բեռները կը հասնին ծովու եւ ցամաքի ճամբաներով, եւ անոնցմէ դէպի Հայաստան՝ օդային ուղիով:
Թուրքերը, փակելով հայ-թրքական սահմանը եւ խզելով դիւանագիտական յարաբերութինները, ուզեցին պատժել հայերը: Անոնք քաջալերեցին նաեւ Վրացիները որ աւելի դժուարացնեն թրանզիթի հարցերը: Անոնց նպատակը յստակ էր՝ վատթարացնել Հայաստանի ընկերատնտեսական (socio-economic) վիճակը, որպէսզի ժողովուրդը աւելի մեծ թիւով երկրէն արտագաղթէ եւ նուազի Հայաստանի բնակչութեան թիւը. քանակը ոյժ է եւ որակ, ըսած է Լենին:
Հայաստանի տկարացումով կը նուազի նաեւ հայերու պահանջատիրութեան ոգին, եւ կարելի կը դառնայ Թուրքիոյ հաշուին նպաստաւոր կերպով դիւրութեամբ լուծել Ցեղասպանութեան, հողային պահանջատիրութեան եւ Ղարաբաղի հարցերը, եւ, Պաքու-Ճէյհան քարիւղատար խողովակը, որ թէեւ կանցնի Ատրպէյճանի մէջէն, եւ սակայն ոչ շատ հեռու՝ Հայաստանի հիւսիսային սահմանէն, կը դառնայ աւելի ապահով. որովհետեւ վերջապէս՝ Հայաստան նաեւ մեծ խոչընդոտ մըն է 200 միլիոննոց փանթուրանական կայսրութիւն մը ստեղծելու Թուրքիոյ հին երազի իրականացման ճամբուն վրայ:
Թուրքերը այնքան ալ սխալած չէին իրենց նախատեսութիւններէն առ նուազն երկուքին մէջ։ Այսպէս՝
Առաջին. 1993էն ետք Հայաստանէն արտագաղթը սաստկացաւ, եւ երկրին իշխանութիւնները ջանք չթափեցին դանդաղեցնելու այդ երեւոյթը։ Անոնք կը կարծէին որ բնակչութեան նուազումին հետեւանքով աւելի հեշտ պիտի ըլլար կերակրել մնացած բնակչութիւնը այդ դժուարին տարիներուն։ Նաեւ պիտի պակսէր դժգոհներու եւ բողոքողներու թիւը: Միւս կողմէ, արտագաղթողները պիտի ուզէին դուրսէն օգնել երկրին մէջ մնացող իրենց ազգականներուն ու բարեկամներուն:
Երկրորդ. Երկրին ընկերատնտեսական վիճակը չբարելաւուեցաւ։ Առաջին անգամ Երեւան այցելողը կրնայ տպաւորուիլ տեսնելով նոր շինութիւններ, բարձրայարկ շէնքեր, պանդոկներ, շքեղ խանութներ, լեցուն սրճարաններ, գեղեցիկ ինքնաշարժեր: Նաեւ պիտի տպաւորուի, սակայն, տեսնելով մեծ թիւով ամէն տարիքի մուրացկաններ: Հասարակ ժողովուրդը կամ աշխատող դասակարգը տնտեսական ծանր տագնապի մէջ է: Անգործներուն թիւը բարձր է, եւ ժողովուրդին գնման կարողութիւնը՝ ցած: Երեւանէն դուրս, վիճակը աւելի վատ է, մանաւանդ երկրին ծայրամասերուն վրայ գտնուող վայրերուն մէջ: Գիւմրին, երկրին երկրորդ մեծագոյն քաղաքը, երկրաշարժէն 21 տարի անց, տակաւին չէ վերաշինուած ամբողջովին: Անկախութենէն ետք, իրերայաջորդ իշխանութիւններն ու անոնց բարեկամները ստեղծած են նոր սակաւապետութիւն մը (oligarchy), որ դարձած է երկրին պետական ոյժին եւ հարստութեան բացարձակ տէրը:
Այսպիսի պայմաններու տակ տեղի ունեցան 2008ի նախագահական ընտրութիւնները, եւ Սերժ Սարգսեան դարձաւ նախագահ։ Նոյն տարին տեղի ունեցաւ նաեւ ռուս-վրացական պատերազմը, որուն հետեւանքով խանգարուեցաւ ժամանակաւորապէս Սեւ Ծովէն դէպի Հայաստան բեռներու տեղափոխութիւնը: Այս երկու դէպքերը լաւ առիթ էին թուրքերուն համար՝ անցնելու դիւանագիտական յարձակողականի: Հետզհետէ աւելի յաճախակիօրէն սկսանք պետական շրջանակներէն ու մամուլէն լսել հայ-թրքական սահմանի բացման կենսականութեան մասին՝ սահմանին տասնվեց տարի շարունակ փակ մնալէ ետքը, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական բարեկամութիւն մը հաստատելու կարեւորութեան մասին: 2008 Սեպտեմբերին՝ սկսաւ ֆութպոլի դիւանագիտութիւնը:
Այս դիւանագիտութեան առաջին արտացոլացումը տեղի ունեցաւ 2009 թուականի Մարտ ամսուն, երբ Մոսկուայի մէջ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց որ պատմաբաներն ու քաղաքագէտները պիտի ուսումնասիրեն Ցեղասպանութեան վերաբերող արխիւները եւ ներկայացնեն իրենց քննութիւններուն արդիւնքը: Շատեր լաւ չհասկցան ըսուածները: Նախագահը ապա փորձեց աւելի յստակացնել իր միտքը, բայց չյաջողեցաւ, եւ շփոթը սաստկցաւ:
Ապրիլի 22ին, Ժընեւի մէջ ռումբի պէս պայթեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու յայտարարութիւնը, որ ականահարեց Սփիւռքի մէջ Հայ Դատին ի նպաստ թափուած հսկայական եւ ճգնախոնջ աշխատանքները: Երկու նախարարները յայտնեցին որ իրենց զուիցերիացի պաշտօնակցին միջնորդութեամբ գաղտնօրէն աշխատելով կարողացած են սկիզբը դնել հայեւթուրք գործակցութեան, եւ այդ գործընթացին համար աշխատանքի քարտէզ մը պատրաստել: Այս քարտէզը բնաւ չբացայայտուեցաւ: Երկու օր ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամա իր Ապրիլ 24ի պատգամին մէջ չյիշեց Ցեղասպանութիւն բառը՝ դժուարութիւններ չստեղծելու պատրուակով, քանի որ ենթադրաբար սկսած էր հայեւթուրք բարեկամութիւնը հաստատելու պատմական պահը: Թուրքերը երկրորդ մեծ յաղթանակ մը կը նշանակէին:
Օգոստոսի 31ին, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահները յայտնեցին, որ կազմած են հայ-թրքական սահմանը բանալու համաձայնագիր մը, երկու փրոթոքոլներով: Երկու երկիրներու նախագահներուն ստորագրումէն եւ ապա խորհրդարաններու վաւերացումէն ետք, այս համաձայնագիրը կը դառնայ վերջնական: Վեց շաբթուան ժամանակամիջոց մը սահմանուած է, որու ընթացքին փրոթոքոլները պիտի քննուին, առանց սակայն որեւէ փոփոխութեան կարելիութեան:
Ոչ մէկ նախապայման կայ այս համաձայնագրին մէջ, կըսեն նախագահները, սակայն հմտօրէն շարադրուած փաստաթուղթին ենթատեքստը ամբողջովին կը լրացնէ թրքական պահանջները՝ Ցեղասպանութեան, Կարսի Դաշնագրի եւ Ղարաբաղի գոյավիճակին նկատմամբ: Հոս որոշապէս նկատելի է, թէ ի՛նչ կ՛ըլլայ արդիւնքը երբ, քաղաքական սահմանափակ պատրաստութեան եւ վիճելի հայրենասիրութեան տէր ղեկավարներ, խորհրդաւոր պայմաններու տակ, գաղտնաբար կաշխատին կենսական կարեւորութիւն ներկայացնող պատմական փաստաթուղթի մը պատրաստութեան վրայ՝ արհեստավարժ եւ խորամանկ մասնագէտներու դիմաց, եւ արտաքին ուժեղ ճնշումներու տակ:
Վերջապէս, ի՞նչ են հայ-թրքական սահմանին բացման օգուտը կամ առաւելութիւնները հայերուն համար: Այո, Տրապիզոնէն Գիւմրի նոր ճամբայ մը պիտի բացուի փոխադրութիւններու համար, ճամբայ մը՝ մօտաւորապէս երկու անգամ աւելի երկար քան Պաթում-Գիւմրի ճամբան: Հայաստան եկող զբօսաշրջիկներուն թիւը պիտի աւելնայ անկասկած. անոնք կարող պիտի ըլլան նաեւ գալ ինքնաշարժով, ցամաքի ճամբով՝ Եւրոպայէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ տարբեր երկիրներէ: Պիտի աւելնան նոյնպէս պանդոկներու, ճաշարաններու եւ յարակից առեւտրական գործարքներու եկամուտները։ Բայց հարց է գիտնալ, թէ ի՛նչ չափով հասարակ ժողովուրդը պիտի օգտուի այս բոլորէն: Միւս կողմէ, թրքական աժան եւ անորակ ապրանքները, որոնք արդէն կը ներածուէին, հիմա պիտի ողողեն ամբողջ հայաստանեան շուկան:
Այս տխրահռչակ համաձայնագիրը բարոյական, տնտեսական եւ քաղաքական մեծ յաղթանակներ պիտի ապահովէ Թուրքիոյ : Հայ-թրքական սահմանը բանալով՝ թուրքերը ամենէն առաջ պիտի լրացնեն Եւրոմիութեան իրենցմէ պահանջած բարի դրացիութեան հաստատման նախապայմանը: Ասիկա բարոյական մեծ յաղթանակ մը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ համար: Հայաստանի մէջ ծախած իր ապրանքներէն՝ Թուրքիոյ հաւաքած գումարները շատ աւելի պիտի ըլլան քան Հայաստանի ապահոված ամբողջ եկամուտը՝ իր առեւտուրէն եւ թուրք զբօսաշրջիկներէն միասնաբար: Այս մէկն ալ տնտեսական յաղթանակ մը՝ Թուրքիոյ հաշւոյն։
Թուրքիա պիտի փորձէ աստիճանաբար իրականացնել իր քաղաքական նպատակակէտերը կամ օրակարգը՝ եթէ Հայաստան անմիջապէս չձեռնարկէ իրականացնելու վերեւ յիշատակուած փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան երեք տարբեր ճամբաները, որպէսզի ամբողջովին կախեալ չըլլայ հայ-թրքական սահմանէն անցնող փոխադրական միջոցներէն։ Այլապէս Թուրքիա, հզօր երկիր մը, ճնշումներով, սահմանը փակելու սպառնալիքներով, եւ քաղաքական ճարպիկ խաղերով նորանոր զիջումեր պիտի պահանջէ Հայաստանէն, մինչեւ որ ստանայ իր բոլոր ուզածները, եւ կամ՝ մինչեւ որ հայերը այլեւս տալիք բան մը չունենան անոր:
Վստահաբար Թուրքիա պիտի գործադրէ «սալամի» երշիկը շերտելու ռազմավարութիւնը (salami slice strategy), բան մը զոր Հիթլէր գործադրեց երբ դարձաւ Գերմանիոյ վարչապետը եւ ապա տիրացաւ երկրին բացարձակ իշխանութեան: Ստալինը եւս, իր կարգին, Փոցտամի Ժողովէն ետք (Յուլիս-Օգոստոս 1945) սկսաւ գործադրել Դաշնակիցներուն հանդէպ «սալամին» շերտելու ռազմավարութիւնը: Վերջիններս յաճախ տեղի կու տային Սովետներու պահանջած զիջումներուն՝ որպէսզի նոր պատերազմ մը չստեղծուի քանի մը «բարակ շերտի» համար, մինչեւ որ օր մը, 1948ին, նախագահ Թրուման այլեւս «Վե՛րջ» ըսաւ Սովետներուն, որոնք հիւլէական ռումբ չունէին տակաւին: Վերջիններս հակադարձեցին՝ Պերլին քաղաքի շրջափակումով (blockade)։ Պաղ պատերազմին շարունակութիւնը ծանօթ է:
Հայաստան ունի՞ արդեօք հիւլէական ռումբ, կասեցնելու համար Թուրքերը որպէսզի ամբողջ սալամին չշերտուի եւ չկորսուի…։ Ի՞նչ ընել ուրեմն: Պատասխանը՝ պարզապէս «Ո՛»չ ըսել է Թուրքերուն. հայերը ամբողջ 16 տարի ապրեցան այդ փակ սահմանով, հիմա՛ եւս կրնան շարունակել այդպէս եւ սկսիլ աշխատիլ միւս ճամբաներուն վրայ:
Հայ-թրքական սահմանին բացումը Թուրքերուն համար անհամեմատօրէն աւելի օգտակար է քան թէ Հայերուն: Ուստի, եթէ այդ նկատումով Թուրքերը ուզեն անպայման բանալ սահմանը, կամ եթէ միջազգային ճնշումները ստիպեն զիրենք բանալ զայն բարի դրացիութիւն ստեղծելու համար, այն ատեն Հայաստան պիտի ընդունի ատիկա միայն մէկ նախապայմանով, որ է՝ Թուրքիան պարտի ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Նոյնքան անընդունելի է այս փաստաթուղթի պատրաստութեան ընթացքին Սերժ Սարգսեանի եւ իր արտաքին նախարարին ցուցաբերած աշխատանքի գաղտնի եւ խորհրդաւոր գործելաձեւը, եւ, փաստաթուղթի հրապարակումէն ետք, այս երկու պետական պաշտօնատարներուն որդեգրած ամբարտաւանութեան մօտեցող վարքագիծը:
Հարց կը ծագի, թէ ինչո՞ւ այս պատմական համաձայնագրի պատրաստութեան ընթացքին, որ Հայաստանի եւ ամբողջ հայութեան համար խիստ ճակատագրական է, նախագահը անտեսեց եւ չխորհրդակցեցաւ Ազգային Ժողովին, Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբին, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, քաղաքական հարցերու մասնագէտ գիտնականներուն, եւ վերջապէս՝ Սփիւռքի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ, առանց որեւէ մէկ փոփոխութիւն մտցնելու կարելիութեան զայն ներկայացնելով ժողովուրդին եւ Ազգային Ժողովին, որպէսզի վերջինս վեց շաբթուան ընթացքին քննէ եւ վաւերացնէ զայն:
Երկիրը կառավարելու այս ձեւը շատ անսովոր է եւ հազուադէպ՝ 21րդ դարու սահմանադրական հանրապետութիւններուն մօտ, եւ խիստ մտահոգիչ: Կը յիշեցնէ՝ Սովետական կարգերը, որոնց մէջ պատրաստուած է նաեւ ի՛նքը՝ նախագահը: Եթէ Հայաստանն ու Ղարաբաղը վարժ են այդ կարգերուն եւ կրնան ընդունիլ Սերժ Սարգսեանի կառավարման ոճը, Սփիւռքը կարող չէ՛: Կովկասի մէջ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ, գրեթէ ամէն մարդ գիտէ, որ եթէ Ատրպէյճանը քարիւղ ունի, եւ Վրաստանը՝ ծով, ապա Հայստանն ալ ունի Սփիւռք: Առանց Սփիւռքի նիւթական, բարոյական եւ քաղաքական օգնութեան՝ ոչ ոք գիտէ թէ ի՛նչ պիտի ըլլար Հայաստանի եւ Ղարաբաղի վիճակը այսօր: Եւ երբ կը խօսինք հայութեան մասին, կը նշանակէ որ կը խօսինք ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ղարաբաղի, ե՛ւ արտասահմանի մէջ գտնուող ամբողջ հայութեան մասին: Ո՛չ մէկ նախագահ պարտի մոռնալ այս իրականութիւնը: Նկատելի է նաեւ այն արքայական երեւոյթը զոր Սերժ Սարգսեան ցոյց կու տայ եւ խրուշչեւեան համարձակութեամբ կարծէք կուզէ ըսել Լուի 14րդ թագաւորին նման՝ «Պետութիւնը Ե՛ս եմ ! (LEtat cest Moi !):»
(1) United Nations Convention on the Law of the Sea of 10 December, 1982.
(2) Exclusive Economic Zone (EEZ).
(3) International Tribunal for the Law of the Sea.