ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Հայութեան համար ամէնուրեք, Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ, Շաբաթ, 10 Հոկտեմբեր, 2009 թուականը պիտի ըլլայ տխրութեան օր: Այդ օրը պիտի անցնի Հայոց պատմութեան մէջ իբրեւ Սեւ Շաբաթ օր, երբ Հայաստանի հանրապետութեան ներկայացուցիչը պաշտօնապէս ստորագրէ տխրահռչակ այն զոյգ «փրոթոքոլ»ները, որոնք գերազանցապէս մերժուեցան հայրենիքի ու Սփիւռքի հայութեան կողմէ: Այս կրկնակ արձանագրութիւնները, որոնք թիւրիմացաբար կը ներկայացուին իբրեւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման միջոցառում, իրականութեան մէջ կը հանդիսանան, ոչ իսկ փամփուշտ մը կրակելով, Հայաստանի առանց նախապայմանի անձնատուութիւնը՝ Թուրքիոյ հանրապետութեան:
Այս օրը, Զուիցերիոյ մէջ, Թուրքիա կը յուսայ իրականացնել այն, ինչ չէր կրցած իրագործել 86 տարիներ առաջ, երբ Յուլիս 24, 1923ին, զուիցերիական այլ քաղաքի մը մէջ կնքուեցաւ Լօզանի դաշնագիրը: Ամիսներու վրայ երկարող իր փաստանենգումներէն ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու բացայայտօրէն ակներեւ կը դարձնէ թրքական այս յոյսը: Հինգշաբթի օր, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ան հերքեց որեւէ բաղդատականի առկայութիւնը 1923 թուականի Լօզանի դաշնագիրին ու Հայաստանի հետ կնքուելիք ներկայ «փրոթոքոլ»ներուն միջեւ: Սակայն ան մատնանշեց, թէ Լօզանին առնչուող մէկ իրողութիւնը այն է, թէ Հայաստանի հետ կայանալիք այս արձանագրութիւնները պիտի հաստատեն Լօզանի դաշնագիրով ճշդուած Թուրքիոյ սահմանները:
Ընդմիշտ խաբկանքի վարպետը, պրն. Տաւութօղլու չէր կրնար կորսնցնել առիթը ներկայացնելու համար «փրոթոքոլ»ները՝ իբրեւ ամբողջացումը միջազգային օրէնքի հիմամբ ընդունուած անցեալի իրաւական մէկ փաստաթուղթին: Մեկնելով իր այս հասկացողութենէն՝ «փրոթոքոլ»ները ոչ թէ կը վերականգնեն 1921ի Կարսի դաշնագիրը, այլ անոնք կը հանդիսանան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմաններու հաստատման համար Լօզանի դաշնագիրէն պակսող օղակները: Այլ խօսքով, այս «փրոթոքոլ»ներուն ճամբով, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան նպատակներէն մէկն է 86ամեայ դաշնագիրին վերախմբագրումը:
Հակառակ պրն. Տաւութօղլուի իրաւական աճպարարութեան, հաստատուած դաշնագրի մը վերախմբագրումը միջազգային օրէնքի հարց է: Այսուհանդերձ, Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը մտահոգիչ բազմաթիւ պատճառներ ունի, որպէսզի փորձէ վերատեսութեան ենթարկել Լօզանի դաշնագիրը:
Առաջին, հակառակ տարածուած թիւրիմացութեան, 1923ի Լօզանի դաշնագիրը չփոխարինեց եւ չէր կրնար փոխարինել 1920ի Սեւրի դաշնագիրը: Այս երկուքը էին եւ տակաւին կը մնան իրարմէ տարբեր երկու դաշնագիրներ, որոնք կ՛առնչուին իրարմէ տարբեր կողմերու եւ նիւթերու: Հակառակ այն իրողութեան, որ Սեւրի դաշնագիրը վաւերացումի չ՛ենթարկուեցաւ ու հետեւաբար չգործադրուեցաւ, սոյն դաշնագիրի պայմաններուն ենթարկուելու թրքական համաձայնութիւնը անվաւեր չեղաւ հետագայ անյարակից Լօզանի դաշնագիրով:
Երկրորդ, միջազգային օրէնքի տրամադրութեամբ, Լօզանի դաշնագիրը չբարեփոխեց եւ չէր կրնար բարեփոխել Սեւրի դաշնագիրը, որովհետեւ իւրաքանչիւրը այս դաշնագիրներէն խնդրոյ առարկայ կը դարձնէր տարբեր ստորագիրներ, ինչպէս նաեւ տարբեր նպատակներ, հարցեր եւ բաղադրեալներ: Իրականութեան մէջ, Լօզանի դաշնագիրի տրամադրութիւնները որեւէ տեղ ու որեւէ ձեւով չեն ակնարկեր Սեւրի դաշնագիրը բարեփոխելու կամ փոխարինելու առաջադրութեան:
Երրորդ, Սեւրի դաշնագիրը կայացաւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի Դաշնակից ուժերուն եւ Թուրքիոյ միջեւ: Անոր նպատակն էր խաղաղութեան հաստատում՝ վերջ տալով պատերազմի այն մասին, որ կը վերաբերէր Թուրքիոյ: Ան յատուկ կերպով կ՛անդրադառնար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ վէճին՝ տրամադրելով հայութեան հատուցում, սահմանելով Հայաստանի քաղաքական գոյութիւնը եւ ճշդելով Հայաստանի ու Թուրքիոյ սահմանները՝ ըստ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին:
Միւս կողմէ, Լօզանի դաշնագիրին նպատակը սահմանափակ էր: Անոր խորագիրն էր՝ «Մերձաւոր Արեւելքի մասին Լօզանի Խորհրդաժողովը, 1922-1923»: Անոր հիմնական նպատակն էր՝ կարգաւորել 1919-1922 Յոյն-թրքական պատերազմը: Անոր ստորագիր կողմերը կը հանդիսանային միայն անոնք, որոնք առնչութիւն ունէին այդ պատերազմին: Արդ, այս դաշնագիրը չէր ներառներ Հայաստանը եւ չէր կարգաւորեր Հայաստանի ու Թուրքիոյ սահմանային վէճը:
Ուստի, միջազգային օրէնքի ծիրէն ներս, պրն. Տաւութօղլուի վարկածը, թէ՝ «փրոթոքոլ»ներու ստորագրումը պիտի հաստատէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանները՝ ըստ Լօզանի դաշնագիրի տրամադրութեանց, պարզապէս անհիմն է: Հայաստան ո՛չ կողմ էր եւ ոչ ալ նիւթ էր այդ դաշնագիրին համար:
Խորքին մէջ, Լօզանի դաշնագիրը անուղղակի ակնարկութեամբ վերահաստատումը կատարեց Սեւրի դաշնագիրով Ուիլսընեան Իրաւարարութեան վճիռին հիմամբ ճշդուած Հայաստանի հողատարածքային սահմաններուն: Այս վերահաստատումը կատարուեցաւ դաշնագիրի յօդուած 16ի միջոցով, ուր Թուրքիա կը հրաժարի իր բոլոր իրաւունքներէն եւ իրաւատիրութենէն բոլոր այն տարածքներուն մէջ, որոնք մաս չեն կազմեր Լօզանի դաշնագիրի քննարկման: Յօդուածը յստակօրէն կ՛ամրագրէ նաեւ, թէ «Ներկայ Յօդուածին տրամադրութիւնները չեն կանխեր դրացիական յարաբերութիւններէ բխող որեւէ յատուկ կարգաւորումներ, որոնք կատարուած են կամ կրնան կատարուիլ Թուրքիոյ եւ որեւէ հարեւան երկիրներու միջեւ»:
Այսպէս, «յատուկ կարգաւորումներ, որոնք կատարուած են… Թուրքիոյ եւ որեւէ հարեւան երկրի միջեւ» տրամադրութիւնը ակնարկութիւն է Ուիլսընեան Իրաւարարութեան («յատուկ կարգաւորում»), զոր Թուրքիա ընդունեց Հայաստանի («հարեւան երկիր») պարագային: Հետեւաբար, Լօզանի դաշնագիրի հիման վրայ Ուիլսընեան Իրաւարարութեամբ վճռուած Հայաստանի հանրապետութեան իրաւատիրութիւններն ու իրաւունքները պահպանուած են: Թուրքիա ընդունած է այդ յատուկ կարգաւորումը՝ հրաժարելով հայապատկան տարածքներու գծով թրքական բոլոր իրաւունքներէն ու իրաւատիրութիւններէն:
Պրն. Տաւութօղլու կը յուսայ բեկանել Լօզանի դաշնագիրի թիւ 16 յօդուածը: Ան կը ձգտի անվաւեր դարձնել այդ յօդուածով Հայաստանի սահմաններու իրաւական վճիռին հաստատումը: Ան կը փափաքի հրաժարիլ Հայաստանի բռնագրաւեալ հողատարածքներու նկատմամբ՝ թրքական իրաւունքներու եւ իրաւատիրութիւններու Թուրքիոյ 86ամեայ հրաժարականէն: