ՕՍԼՕ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9ին յայտարարուեցաւ, թէ այս տարուան Նոպէլեան Խաղաղութեան մրցանակը պիտի շնորհուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, «Միջազգային դիւանագիտութիւնը եւ ժողովուրդներու միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու անոր արտակարգ ջանքերուն համար»։ Իբրեւ օրինակ այդ ջանքերուն, Նոպէլեան յանձնախումբը թուեց իսլամական աշխարհին ձեռք երկարելու եւ հիւլէական զէնքերու տարածումը սահմանափակելու անոր ջանքերը։
Ասիկա երրորդ անգամն է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ մը իր իշխանութեան օրերուն կը ստանայ Խաղաղութեան մրցանակը։ 1906ին նոյն մրցանակին տիրացած էր Թէոտոր Ռուզվելթ, իսկ 1919ին՝ Ուուտրօ Ուիլսըն։