ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մանուկներու դաստիարակութիւնը տան մէջ սկսած միջոցին, ծնողներ ուշադրութիւն կը դարձնեն անոնց ճշմարտախօս ըլլալուն: Ճշմարտախօսութեան մէջ կ՛իյնայ որոշ իմաստով ամօթխածութիւնը, որ կարգ մը անձերու պարագային, դէմքի կարմրութեամբ արտայայտութիւն կը գտնէ մանկութեան տարիներուն, իսկ ոմանց պարագային՝ կը շարունակուի ամբողջ կեանքի ընթացքին:
Դժբախտաբար, մասնաւոր կրթութիւն չունեցող ծնողներու տուած «դաստիարակութեան» մաս կը կազմէ այնպիսի համարձակութիւն մը ներշնչել իրենց զաւակներուն, որ անոնք կորսնցնեն իրենց ամօթխածութեան բնատուր զգացումը: Ծնունդով փոխանցուող այս զգացումը, անշուշտ աճման կը կարօտի: Մարդիկ ամօթխած կը ծնին, ճի՛շդ է, սակայն ծնողներու տուած դաստիարակութիւնը կրնայ անոր զարգացման կամ յետադիմութեան մէջ վճռորոշ դեր ունենալ: Հանդիպած եմ ծնողներու, որոնք իրենց զաւակներուն մէջ անհատականութիւն կերտելու միջոց դարձուցած են՝ քաջալերել զանոնք ամէն ինչ ընելու…: Ճաշարանի մը մէջ, հայր մը կը քաջալերէր իր հինգամեայ մանչը, որ գաւաթ մը առնելով՝ գետին նետէ ու փշրէ: Միւս կողմէ, ան կը հանդարտեցնէր զայրացած մատուցողը՝ ըսելով, թէ ինք պատրաստ է վնասուց հատուցում կատարելու ճաշարանատիրոջ…: Բնականաբար ներկաներուն զարմանքի հայեացքները ուղղուեցան այս ընտանիքին, ու մանաւանդ հօր վրայ՝ անոր տուած անտրամաբանական դաստիարակութեան համար:
Այդ մանուկին ապագայ կատարելիքները հակակշռելու անկարող պիտի դառնայ այդ հայրը, իր հօրենական հեղինակութիւնը որքա՛ն ալ օգտագործէ: Իսկ չափահասութեան, երբ ալ չկայ իր հայրը, անզսպելի գազանի մը կրնայ վերածուիլ այդ մանուկը՝ փորձանք դառնալով իր շրջապատին:
Փորձառու դաստիարակ մը կը պատմէր, թէ ունեցած է աշակերտ մը, որ իրենց գիւղի գիշերօթիկ դպրոց մուտքի առաջին շաբաթներուն, անհաւասարակշիռ մանուկի մը վարուելակերպի բոլոր տուեալները արտայայտած է: Առաջին քանի մը օրերուն սովորական չարութիւն կարծուած են անոր կատարած արարքները: Սակայն, նոր բացուող շաբաթներուն եւ օրերուն հետ, ի յայտ եկած են աւելի վտանգաւոր արարքներ, որոնք նիւթական վնասներ պատճառած են նոյն հաստատութեան:
Տարիքային պայմանները ու անչափահասութիւնը դարձեալ հիմք ու պատճառ նկատուած են սոյն անբնական աշակերտին կատարած բոլոր գործերուն, եւ խնայուած է իրեն պատիժ կրելու կամ դպրոցէն հեռացնելու որոշումները: Ուստի, տարիներու ընթացքին, անոր մէջ կազմաւորուած է իր շրջապատին նկատմամբ անտարբեր ու իր ընկերներուն եւ հաստատութեան վնաս հասցնող երիտասարդ մը:
Հիմա, իր ծերութեան սեմին գտնուող նոյն դաստիարակը կը շարունակէր պատմելով, թէ այդ աշակերտը մարդասպանութեամբ մը աւարտեր է իր «առաքելութիւնը» այս կեանքին մէջ, իսկ բանտին մէջ գտեր է իր վերջնական «հանգիստը»: Այս բոլորը կը պատմէր ան, խղճահարութեան խոր զգացումով, այն համոզումով, որ ինք կրնար եւ պէ՛տք էր իբրեւ դաստիարակ պատժէր զինք, յանդիմանէր ու խրատէր, բարկանար ու նոյնիսկ զրկանքներու ենթարկէր, որպէսզի ամօթխածութիւնը աճեցնէր այդ մանուկի հոգւոյն մէջ: Ան նաեւ ուսումնասիրած էր անոր ծնողներուն կացութիւնը եւ գտած, որ անոնք հակառակ բարեպաշտ ըլլալուն, աննկատ թողած էին իրենց զաւակին քրիստոնէական առողջ դաստիարակութիւնը: Ծնողքի մը համար բարի կամ աստուածավախ ըլլալը բաւական չեն, երբ նոյն բարութիւնը եւ աստուածավախութիւնը դաստիարակութեան ճամբով ամօթխածութիւն չեն աճեցներ մանուկի հոգիին մէջ: Որովհետեւ, մէջդ եղող քրիստոնէութիւնը, քու տուած դաստիարակութեա՛մբ կը չափուի…: Իսկ այդ դաստիարակութեան հիմքը, աստուածավախութեան հետ միաժամանակ՝ ամօթխածութիւնն է:
Աւետարանին մէջ յիշուած առակ մը, Յիսուսի շրթներով ամօթխածութեան դաստիարակութիւն կը կատարէ անուղղակիօրէն: Անիրաւ դատաւորին մասին պատմած ատեն, (Հմմտ Ղկ 18.2), Ան կ՛ըսէ, թէ այդ դատաւորը ո՛չ Աստուծմէ կը վախնար եւ ոչ ալ մարդոցմէ կ՛ամչնար: Աստուծոյ վախն ու ամօթխածութիւնը իրարմէ կը զատէ Յիսուս, ո՛չ թէ իրարմէ տարբեր ըլլալուն համար, այլ իւրաքանչիւրը աւելի շեշտելու նպատակով: Անոնք երկուքը զիրար ամբողջացնող վիճակներ են՝ մարդուն գազանային բնութիւնը զսպանակող:
Յաճախ, մարդոց ուշացած ամօթխածութիւնը խթանելու համար, ոմանք անոնց դիմելով՝ կ՛ըսեն. «Ամօ՛թ է, ամօ՛թ»: Կամ դաստիարակներ, իրենց խնամքին յանձնուած մանուկները սաստելու համար, անոնց ամօթխածութեան պակասը լուսարձակի տակ կ՛առնեն՝ բարկանալով անոնց ու ըսելով. «Չե՞ս ամչնար», «Ամօթի զգացում չունի՞ս», «Ամօթ ըսուածը ի՛նչ է, գիտե՞ս», «Չե՞ս սորված ի՛նչ ըսել է ամչնալ», եւ նման արտայայտութիւններ: Ինչո՞ւ են արդեօք այս արտայայտութիւնները: Անոնք յիշեցումներ են՝ ամօթխածութեան զգացումը արթնցնող եւ մեզ սթափեցնող, որովհետեւ եթէ երկար ժամանակ քնացած մնայ այս զգացումը, ամբողջութեամբ կը բթանայ եւ նոյնիսկ վերջնականապէս կը կորսուի:
Կենդանիներու կեանքէն առնուած օրինակներով ու առակներով երբեմն անուղղակի դաստիարակութիւն կը կատարուի՝ մարդոց ցոյց տալու, թէ ամօթխածութիւնը անհրաժեշտ զգացում մըն է մեզի համար: Այսպէս, հինէն եկող իմաստուն խօսք մըն է հետեւեալը. «Գորտին երեսին թքեր են, ուրախացեր է, եւ ցատկռտելու սկսելով ըսեր է՝ անձրեւ կու գայ»:
Առանց մեկնաբանութեան…: Բայց գորտը աներես մը չէ՛, այլ անբան ու կռկռան կենդանի մը: Իսկ աներես մարդիկ, որոնք իրենց ամօթխածութիւնը վաղուց կորսնցուցած են, եւ կամ դաստիարակութեան պակասի հետեւանքով ո՛չ մէկ վիրաւորանք կը զգան զիրենք զգաստութեան հրաւիրող խրատներէն, իբրեւ անուղղաներ՝ վտանգ կը հանդիսանան իրենց ապրած միջավայրին կամ ընկերութեան:
Խիղճին շատ մօտիկ այս զգացումը՝ ամօթխածութիւնը, երբեմն կը շփոթուի խիղճին հետ, եւ իր պատճառով արձանագրուած զիջումները ընկերային կեանքին մէջ կը թարգմանուին իբրեւ տկարութիւն: Ամօթխածութիւնը տկարութիւն չէ՛, այլ ներքին զօրութիւն մը, որուն ուժը կը չափուի այն ատեն, երբ աներեսներու դիմաց ամօթխած մարդուն պարկեշտութիւնը ի յայտ գայ: Հակասական զօրաւոր գոյներով կ՛երեւին այս երկու խումբի մարդիկը: Անոնք չեն հանդուրժեր զիրար, որովհետեւ ամօթխած մարդը նաեւ արդար կ՛ըլլայ, ու ճշմարտութիւնը ի յայտ բերելու հետամուտ: Հակառակ ամօթխած ըլլալուն, այս խումբի մարդիկ լուռ ու հետեւողական աշխատանք կը տանին ի խնդիր արդարութեան:
Ամօթխած մարդոց մօտ, նաեւ սուտին բացակայութիւնը ակնյայտ կ՛ըլլայ: Մէկ խօսքով, անոնք չեն կրնար սուտ խօսիլ: Իսկ սովորական մարդոց համար ամէնէն սովորական թուացող սուտը նոյնպէս զիրենք կը կարմրեցնէ ու տագնապի կը մատնէ: Երբեմն ուրիշին խօսած սուտին համար եւս իրե՛նց դէմքը կը կարմրի, ու չեն կրնար պահել իրենց դժգոհանքը:
Ամօթխածութիւնը մարդկային արժանիք մըն է: Առանց անոր, թերի ու վնասաբեր կը դառնայ մարդկային կեանքը, իսկ անոր բարիքները մարդոց կեանքին մէջ կը տարածուին՝ ընդհանուրի բարիքին ծառայելով: