Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
«Նկատած եմ, որ մորթս երբեմն չափազանց չոր ու ոչ-կենսունակ կը դառնայ, յատկապէս երբ որոշ ուտելիքներ կը սպառեմ: Արդեօք ո՞ր ուտելիքները աւելի առողջ երեւոյթ կը պարգեւեն ինծի»: Այս հարցը ուղղուած է մորթի մասնագէտ բժիշկի մը, որ տուած է հետեւեալ պատասխանը:
«Ձեր մորթը մարմնին ամենէն երեւելի մասն է, ոչ թէ մեծագոյն օրկանը: Ինչպէս մեր մարմնի միւս օրկանները՝ սիրտը, թոքերը, եւայլն, որոնք լաւ բանելու համար կարիքը ունին լաւ եւ ճիշդ սնունդի, այնպէս ալ դէմքը կարիքը ունի ճիշդ եւ սննդարար ուտելիքներու, որպէսզի իր լաւագոյն երեւոյթը ստանայ: Սխալ սննդականոնով ապրիլը կրնայ ձեր դէմքին վնասել, ինչպէս որ ծխախոտը պիտի վնասէր», կը հաստատէ մասնագէտը:
Ամէնէն աւելի դէմքի երեւոյթին վնաս հասցնող սննդանիւթերէն կը համարուի շաքարը: Yale համալսարանի մորթաբաններէն մէկը կը հաստատէ. «Շաքարը կը բարձրացնէ մարմնի ինսուլինի արտադրութիւնը, որ բորբոքում կը պատճառէ մորթին: Ան կ՛ընդլայնէ մորթին ծակտիկները, նաեւ առիթ կ՛ընծայէ բշտիկներու յառաջացման»: Շաքարի փոխարէն կան շարք մը ուտելիքներ, որոնք իսկապէս ձեր դէմքը կրնան պայծառացնել:
Խոնաւցնող ուտելքներ
æուրը լաւագոյն միջոցն է ձեր դէմքը իր կատարեալ երեւոյթին հասցնելու: Նաեւ ձիթաիւղն ու սեխը բաւականին կը նպաստեն դէմքի խոնաւութեան: Շաբաթական մի քանի դգալ ձիթաիւղը ձեր մորթը առողջ կը պահէ: Ձիթաիւղը հարուստ է հակաթթուեցուցիչներով (antioxidant), որոնք կը նպաստեն մորթի ծակտիկներու մաքրութեան: Իսկ օրական կէս գաւաթ սեխ ուտելով կը վերացնէք չոր մորթի գոյութիւնը: Պտուղները իրենց պարունակած քարոթինի բարձր քանակով կը պահպանեն մորթի բջիջներու առողջութիւնը: Եթէ երեկոյեան, որպէս քաղցրեղէն՝ սեխ ուտէք, ձեր մորթը լաւ երեւոյթ պիտի ստանայ առաւօտեան:
Արեւուն ճառագայթներէն պաշտպանող ուտելիքներ
Իրականութեան մէջ ոչինչ կրնայ փոխարինել sunscreen քսուքները, պաշտպանելու համար ձեր մորթը արեւու վնասակար ճառագայթներէն: Սակայն բուռ մը արքայամորմ (berries) ուտելը կրնայ օգնել այդ ճառագայթներուն ենթարկման բացասական ազդեցութիւններու նուազեցման: Արքայամորմը հարուստ է հակաթթուեցուցիչներով եւ բնական հակաբորբոքային բաղադրեալներով, որոնք կ՛օգնեն մաշկի վերանորոգման եւ կը կանխարգիլեն հաւանական վնասները մեր մարմիններուն մէջ գոյութիւն ունեցող ազատ արմատականները (free radicals) չէզոքացնելով: Մասնագէտները կը թելադրեն ամէն օր մէկ գաւաթ գունաւոր berryներ ուտել, ինչպէս ելակը, blueberryն եւ blackberryն:
Խորշոմները հարթող
ուտելիքներ
Խորշոմները անխուսափելի ընկերակիցն են տարիքի յառաջացման. սակայն քիչ իւղ պարունակող սննդականոն մը կրնայ մեղմացնել խորշոմներու երեւումը դէմքին վրայ: Այս պարագային պէտք է զգոյշ ըլլալ, որովհետեւ մասնագէտները կը յայտնեն թէ իւղէ զերծ սննդականոնը կը նշանակէ նաեւ զուրկ մնալ տարրական իւղերէ (essential fats), ինչպիսին են omega-3 fatty acidները, որոնցմէ զրկուիլը կրնայ ահաւոր երեւոյթ տալ ձեր մորթին: Հիմնական իւղային թթուները (fatty acids) կ՛օգնեն, որ մորթի բջիջները պահեն իրենց որոշակի հեղուկի քանակը, առաձգականութիւնը եւ գործունեայ վիճակը: Առողջ մորթ կը նշանակէ առողջ եւ փայլուն երեւոյթ: Իրականութեան մէջ ուսումնասիրութիւնները փաստած են թէ մարդիկ, որոնք կը հետեւին միջերկրականեան երկիրներու խոհանոցին, որ հարուստ է ձուկէ, ընդեղէններէ, եւ ձիթաիւղէ ստացուած տարրական իւղերով, նուազ ենթակայ են մորթի խորշոմներու, քան անոնք որոնք կը սպառեն ոչ-տարրական իւղերով (non-essential fats) լեցուն ուտելիքներու տեսականի, ինչպիսին են ամերիկեան արագ սպասարկման ուտելիքները (fast food):
Մորթը ողորկ պահելու այլ ուտելիքներ
Մասնագէտները կը շեշտեն թէ մորթը ողորկ պահելու համար պէտք է նաեւ ուտել փրոթինով հարուստ ուտելիքներ, ինչպիսիք են հնդկահաւու եւ հաւու ճերմակ միսերը: Մորթը չի կրնար վերանորոգել ինքզինք եթէ բաւարար փրոթին չստանայ: Օրական կէս փաունտ վերոյիշեալ միսերու օգտագործումը թելադրելի է: Գալով բուսական փրոթիններուն, զանոնք կարելի է ստանալ ամէն օր 2 ապուրի դգալ ընկոյզ կամ «սոյ» սպառելով: Փաստուած է նաեւ, որ «սոյ»ը առաւել եւս ունի estrogenի յաւելեալ քանակ, որ իր կարգին կը խթանէ միացուցիչ հիւսկէնը (connective tissue) մորթին առողջ եւ պիրկ երեւոյթ տալու:
Դէմքի անախորժ բշտիկներէ տառապողներուն համար, մեծապէս թելադրելի է սպառել թուխ կանաչ բանջարեղէններ, օրինակ՝ շոմին, որովհետեւ անոնք հարուստ են հակաթթուեցուցիչներով, որոնք իրենց կարգին կը նուազեցնեն այդ բշտիկներու բորբոքային ընթացքը եւ կը չէզոքացնեն բջիջներուն վնասող գործօնները: Ստեպղինի, դդումի եւ պղպեղի ամէնօրեայ օգտագործումը մորթը կ՛օժտէ beta-carotenով, որ իր կարգին կը վերածուի A կենսանիւթի, որ կը դարմանէ ու կը թարմացնէ վնասուած մորթային հիւսկէնը:
Եթէ քերուըտուքէ կը տառապիք, թելադրելի է օգտագործել կէս փաունտ սալմոն՝ շաբաթը 2-3 անգամ: Նոյնքան մեծ դեր ունի նաեւ կտաւատը (Flaxseed): Յիշեալ ուտելիքները մորթը կ՛օժտեն տարրական իւղերով, կ՛ոռոգեն զայն, կ՛արգիլեն մորթին կեղուուիլը բաց կը պահեն մաշկի ծակտիկները:
Վէրքեր եւ սպիներ ունենալու պարագային, մեծապէս օգտակար են գունաւոր պտուղներն ու բանջարեղէնները, որոնք հարուստ են A, C եւ E կենսանիւթերով: C կենսանիւթը, յատկապէս, որոշիչ դեր ունի վէրքերու բուժման մէջ: