Երկու Լիաժամ Գործերու Միջեւ –
Աշխատանք եւ Ընտանիք
Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Վստահաբար իւրաքանչիւր մայր կարիքը ունի աւելի հանդարտ առաւօտեան կշռոյթի (ռիթմ) մը: Օրուան ընթացքին, գործի ժամերուն ձեր միտքն ու հոգին ձեր զաւակին մօտն է: Իսկ երեկոյեան՝ բացարձակապէս չէք համարձակիր տունէն դուրս ելլել: Կարգ մը փորձուած եւ իրական խորհուրդներու կարիքը ունիք հաւանաբար: Ահաւասիկ.
Առաւօտները աւելի հեզասահ ընթանալու համար.-
* Նոյն ձեւով թող ընթանան առաւօտները, որպէսզի երախաները գիտնան թէ ի՞նչ պիտի ընեն:
* Նախ քան ձեր ձագուկներուն արթննալը ոտքի ելէք եւ մարզանք ըրէք կամ գաւաթ մը սուրճ խմեցէք հանդարտ մթնոլորտի մէջ:
* Նախ քան անոնց արթննալը ձեր լոգանքը առէք ու լրիւ պատրաստուեցէք:
* Գիշերուընէ պատրաստեցէք ձեր երախաներուն հագուելիքները, որպէսզի անոնք «այս կ՛ուզեմ , այն կ՛ուզեմ» չըսեն:
* Դպրոցի ճաշամանն ու պայուսակը եւս գիշերուընէ պատրաստեցէք:
* Կարելի եղած չափով ձեր երեխաներուն կարգ մը պարտականութիւններ վստահեցէք: Ասիկա թէ՛ զիրենք անկախ ու ինքնավստահ կը դարձնէ, եւ թէ ձեզի քիչ մը առիթ կու տայ, որ ուրիշ գործ մը կատարէք այդ միջոցին:
* Նախաճաշը պարզ ու սննդարար թող ըլլայ, եւ նախընտրաբար գործնական, որպէսզի ինքնաշարժին մէջ ուտեն ի հարկին:
ԻՆչպէ՞ս կարելի է գործօն մասնակցութիւն բերել մեր երեխային դպրոցական աշխատանքներուն եւ կամ երեխայի խնամատարին հետ:
* Դպրոցական պտոյտներուն, եւ կամ կամաւոր կերպով դասարանային աշխատանքներուն մասնակցեցէք:
* Կամաւոր աշխատանքի մասնակցեցէք աշխատանքի ժամերէն դուրս. կարգ մը հանդէսներու պատրաստութիւն, հեռաձայններու արշաւ, եւայլն:
* Ձեր զաւակին դասատուին հետ անմիջական կապ հաստատեցէք ու պահեցէք այդ կապը:
* Թեթեւ ճաշեր տարէք դպրոցը կամ նոյնիսկ կարգ մը անհրաժեշտ պիտոյքներ:
* Ձեր ձիրքերը ի գործ դրէք օգնելու դպրոցական աշխատանքները լաւագոյնս մէջտեղ բերելու համար:
* Խնդրեցէք ձեր խնամատարէն, որ նօթեր առնէ ձեր երեխային առօրեայ աշխատանքներուն եւ «նուաճումներուն» մասին:
Ինչպէ՞ս կարելի է դրական յարաբերութիւն մշակել մեր երեխային խնամատարին հետ:
* Ձեր խնամատարը իսկապէս ձեր բաժնեկիցը համարեցէք երեխայի խնամքին ու դաստիարակութեան համար:
* Միասին գործակցեցէ՛ք, որպէսզի լուծէք կարգ մը կարգապահական հարցեր:
* Բացի բարեւ տալէ, ուրիշ բաներու մասին եւս խօսեցէք առաւօտեան կամ երեկոյեան, երբ ձեր երախան կը ձգէք կամ կ՛առնէք: Ձեր մտքերը փոխանցեցէք, կարծիքներ փոխանակեցէք եւ անպայման կամաւոր աշխատանքի առաջարկ տուէք:
* Խնամատարին լաւ արարքները յիշեցէք եւ գնահատեցէք զայն շնորհակալական նամակով կամ փոքրիկ նուէրով մը:
* Ձեր զաւակին յաճախած վայրին համար կարգ մը նորութիւններ ու անակնկալներ ըրէք:
* Եթէ ձեր երեխան իր առօրեայէն տարբեր կացութեան մը մէջ կը գտնուի, անպայմանօրէն ձեր երեխային խնամատարին ուշադրութեանը յանձնեցէք ատիկա:
Ի՞նչ կրնամ ընել երբ երեխաս հիւանդ է եւ ես աշխատանքի պարտաւորութեան տակ կը գտնուիմ:
* Նախապէս որոշեցէք թէ ինչպէս դուք եւ ձեր ամուսինը այս պատասխանատուութիւնը պիտի բաժնէք:
* Օրը բաժնեցէք ձեր երկուքին միջեւ, խնամելու համար ձեր երաեխան:
* Ձեր աշխատանքը տունէն կատարեցէք, եթէ հնարաւոր է:
* Մէկու մը օգնութեան դիմեցէք ձեր զաւակին հոգատարութեան համար, որ ձեզի մօտ կ՛ապրի ու շուտով կրնայ օգնութեան հասնիլ:
* Ձեր հիւանդութիւններուն համար վերապահուած գործի արտօնութիւններէն մաս մը վերապահեցէք ձեր երեխային անհանգիստ օրերուն համար:
Ինչպէ՞ս կրնանք անցնել երեկոները:
* Դուք ձեզի ու ձեր երեխաներուն համար հանգիստի ու առանց վազվզուքի ժամանակ տրամադրեցէք:
* Երեխաներու յարմար ճաշեր պատրաստեցէք նախօրօք, եւ կամ դիւրին ու արագ պատրաստուելիք ճաշեր ընտրեցէք:
* Առիթները օգտագործեցէք ու դուրսը սիրուն ճաշարանի մը մէջ ընթրեցէք:
* Հեռատեսիլը անջատեցէք եւ ձեր առօրեային մասին խօսեցէք:
* Որոշ «ռութին»ի մը հետեւեցէք, որպէսզի ձեր զաւակները գիտնան թէ ի՞նչ կրնայ ըլլալ յաջորդին ու պատրաստուին անոր հոգեպէս:
* Ուրախութեամբ անցուցէք ձեր ժամերը եւ խաղի ու զբօսնելու առիթ ընծայեցէք դուք ձեզի:
Ամբողջ ցերեկը աշխատելէ եւ գիշերը երախաները հոգալէ ետք, ինչպէ՞ս կրնամ առողջ յարաբերութիւն մը պահել ամուսինիս հետ:
* Իրարու հետ ժամանակ անցուցէք, նոյնիսկ կարդալով կամ հեռատեսիլ դիտելով:
* Իրարու հետ խօսեցէք, հեռաձայնով կամ ելեկտրոնային նամակով, օրուան ընթացքին:
* Իրարու հետ դուրսը ճաշելու կամ ընթրելու օրեր որոշեցէք:
* Երախաները շուտ քնացուցէք ըստ կարելիութեան, որպէսզի աւելի ժամանակ ունենաք իրարու հետ անցնելու:
* Սիրաբանեցէք:
Այսպէս կրնաք ձեր հեւքոտ առօրեան որոշ չափով մեղմացնել, եւ ձեր բազմազան պարտաւորութիւններուն շարքին ձեր կեանքին հաճելի բաժինները վայելել: