ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Նոյեմբերի 6-8, Եու.Սի.Էլ.Էյի Նարեկացիի անուան Ամպիոնի եւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան (ՀԳՄ) կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ օտարագիր հայ գրողներու երրորդ համագումարը։ Նախորդ երկուքը կայացած էին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Համագումարին յաւելեալ փայլ ու իմաստ տուաւ Հայաստանէն յատուկ առաքելութեամբ ժամանած գրողներու հնգեակը, գլխաւորութեամբ ՀԳՄ նախագահ Լեւոն Անանեանի։ Հնգեակի մնացեալ անդամներն էին՝ քարտուղար Էդուարդ Մելիտոնեան, թարգմանիչ Արամ Արսէնեան, վիպագիր Լեւոն Խեչոյեան եւ յայտնի բանաստեղծ ու քննադատ Արտեմ Յարութիւնեան։ Ներկայ էին նաեւ Միացեալ Նահանգներու հեռաւոր նահանգներէն ժամանած օտարագիր գրողներու հոյլը։
Համագումարին բացումը կատարեցին Լեւոն Անանեան եւ Նարեկացիի ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Փիթըր Քաուի, որոնք հանգամանօրէն արտայայտուեցան ու պարզեցին երկրագունդի տարածքին տարտղնուած մեր ժողովուրդի ծոցին մէջ հետզհետէ զարգացող օտարագրութեան երեւոյթը։ Ուրիշ ազգութիւններ ալ մեծ ոստաններու մէջ ունին իրենց օտարագիրները, որոնք յաճախ բան մը կ՛աւելցնեն, կը սատարեն իրենց ազգային գրական գանձարանին։ Մենք ժխտական մօտեցում երբեք չենք ունեցած օտարագիրներու հանդէպ այնքան ատեն, որ անոնք չեն ուրանար իրենց ծագումը ու չեն կտրեր իրենց պորտակապը զիրենք ծնող ու սնուցանող ժողովուրդէն։ Երբ 60ական ու 70ական թուականներուն Ափրիկէի մէջ ազգային բուռն գործունէութիւն կը տանէինք, հայութիւնը օտարներուն ծանօթացնելու համար՝ զոյգ խորհրդանիշերու կառչած էինք. Կարդինալ Աղաճանեան եւ Ուիլիըմ Սարոյեան, որոնք որպէս հանրայայտ անուններ միջազգային ճանաչում գտած էին ու իբրեւ իրենց ժողովուրդին լիիրաւ դեսպաններ կը ճանչցուէին։ Մաղթենք որ մեր օտարագիր գրողները օր մը այդպիսի հեղինակութեան ու ճանաչման հասնին։
Միւս կողմէ, Համագումարին նիստերէն՝ քալիֆորնիահայ համայնքը իր մամուլով ու գրողներու հոյլով մեծ բացական էր, եւ կ՛երեւի պէտք եղած լրջութեամբ չէր ընկալած օտարագիրներու ահարկու ոյժը։ Սակայն եւ այնպէս բացման հանդիսութեան խօսք առին Քալիֆորնիահայ ու Ամերիկահայ գրողներու Միութեանց զոյգ նախագահները՝ բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեան եւ արձակագիր Թորգոմ Փոստաճեան։
Եթէ քննական ոգիով պիտի մօտենանք թափուած կազմակերպչական հսկայ աշխատանքին, հոն միշտ ալ կարելի է թերութիւններու հանդիպիլ, եւ մատնացոյց ընելով զանոնք՝ բարելաւել ապագայ համագումարներու կառոյցն ու աշխատանքները։ Անոնցմէ ամենէն ցայտունը սակայն կազմակերպիչներուն հետ բնաւ առընչութիւն չունէր, բայց իբրեւ տգեղ երեւոյթ չէր դադրէր յոռի տպաւորութիւն ձգելէ գիտաժողովին մասնակցող ամէն տարիքի երկսեռ գրողներու վրայ, որոնց զգալի մէկ մասը հաւատարմօրէն իր ուշադիր ներկայութիւնը բերաւ երեք օրերու վրայ երկարող համագումարի մարաթոնեան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ օրուան աւարտին անոնց ագուցուած մշակութային բարձրորակ ձեռնարկ-հանդիպումներուն։ Յարգելով հանդերձ անոնց ազատ որոշում տալու անհատի իրաւունքը, եղան բաւական մեծ թիւով գրողներ, որոնք եկան համագումարի մասնակցողներուն շնորհ մը ըրածի պէս, կարդացին իրենց ուղերձները կամ ստեղծագործական աշխատանքէն նմոյշներ, եւ յանկարծ անհետացան…։ Բացասական տպաւորութիւն ձգող տգեղ երեւոյթ մը որուն, բացի քանի մը անկար մարդոց պարագայէն, բացատրութիւն կարելի չէր գտնել։ Յետոյ, չհասկցանք թէ անոնք իրենց հեղինակած բանաստեղծութիւնները գիտաժողովի ամպիոնէն կարդալով ի՛նչ աւելցուցին լրջախոհ գրողներու ու մտաւորականներու պատրաստած ուղերձներուն վրայ։
Ուրբաթ յետմիջօրէի դադարին Վազգէն Բրուտեանի կողմէ կազմակերպուած նկարչական ցուցահանդէսի մը այցելեցինք Կալերի Քէրքոֆ, ուր բաւական լուրջ գործեր կը ցուցադրուէին։ Նոյն գիշերը Անահիտ Արամունիի բեմադրութեամբ Ուիլիըմ Սարոյանի «Տհը Հանկըրըրզ» անունով թատերախաղի ներկայացումը տեղի ունեցաւ, որուն, ներկաներէն շատերուն պէս, վայելքը չկրցանք ապրիլ՝ տոմսերուն ժամանակէն առաջ սպառման պատճառով։
Ձեռնարկներու շարքին կարելի է յիշել հեղինակային «քոնսերթ» նուագահանդէսը ուր, դասական դարձած Ալան Օհաննէսի եւ Տիգրան Մանսուրեանի կողքին, երիտասարդ տաղանդաւոր յօրինողներու հոյլի մըÿ Գէորգ Անտոնեանի, Կրէկորի Այրիյեանի, Արթիւր Օվանէսովի, Վաչէ Շարաֆեանի, Աշոտ Գարթալեանի իւրայատուկ գործերը կատարուեցան։
Երգահանդէս-նուագահանդէսի ամենացայտուն անակնկալը խմբավար Վաչէ Պարսումեանի դեռատի դստեր՝ Շուշիկի ելոյթն էր, անոր հրաշալի, բացառիկ ձայնն ու կատարողութիւնը, որոնք առինքնեցին ու յուզեցին հանդիսականները։ Անահիտ Արամունիի բեմադրած երկն ու նուագահանդէս-երգահանդէսը լաւ կ՛ըլլայ որ կրկնուին աւելի լայն հասարակութեան վայելքին համար։
Իմ ելոյթովս վերլուծած եմ հայագիր եւ օտարագիր գրողներու միջեւ տիրող սառնութիւնն ու մտաւորական կապերու չգոյութիւնը։ Կարծես տարբեր մոլորակներու բնակիչներ են անոնք։ Երեւոյթ մը որ լաւապէս կը բացայայտէ հայագիր գրողներու զանգուածային բացակայութիւնը համագումարէն, թէ՛ որպէս դերակատար, եւ թէ, մասնաւորապէս, որպէս հանդիսական։
Շնորհաւորելի են գիտաժողովը նախաձեռնող՝ ԵՈՒ. ՍԻ.Էլ.Էյի հայագիտական ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Փիթըր Քաուին ու անոր օգնականները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի գրողներու միութիւնը եւ գիտաժողովը հովանաւորողները, մասնաւորապէս Ռուսահայերու Միութեան նախագահ պր. Արա Աբրահամեան, որուն ուղարկած գիրի ընթերցումէն ի յայտ կու գար, թէ ան յաջորդ տարի Մոսկուայի մէջ պիտի կազմակերպէ օտարագիր հայ գրողներու չորրորդ համագումարը՝ իր եւ ռուսահայերու ծախսով։ Համագումարին հրեշտակատիպ մէկ հովանաւորողը եւ անոր աշխատանքներուն բաւական լուրջ բաժին վերցնողը հանդիսացաւ ռուսագիր հայ բանաստեղծուհի Նաթելլա Լալաբէկեան։ Կիրակի օր Կլէնտէյլի հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ անոր ռուսերէն նոր հատորին գինեձօնը։ Համագումարի կազմակերպիչներն ու մասնակիցները արժանի են ամէն գնահատանքի։
Որ՞ն է «հայագիր»ը կամ «օտարագիր»ը, արդեօք այս ժողովներու կազմակերպիչները տեղեակ չեն որ աշխարհում «թարգմանութիւն» ըսուած բան կայ։ Սփիւռքը տառապում է օտարագրութիւնից։ Մեզ Սփիւռքում «հայագիր» գրողներ են պէտք, ինչպէս՝ Վահան Թէքէեան։