Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Խոհանոցային աշխատանքը իրեն հետ կը բերէ նաեւ հոտեր, որոնցմէ ձերբազատուելու համար կարգ մը խորհուրդներ կը ներկայացնենք։
1- Եթէ օր մը առաջ ձուկ պատրաստած էք եւ տակաւին հոտ կայ տան մէջ, կրնաք այդ հոտը անհետացնել փոքր կաթսայի մը մէջ 3-4 ապուրի դգալ ճերմակ քացախ եւ մէկ գաւաթ ջուր դնելով ու եռացնելով քանի մը վայրկեան։
2- Աղբամանը ընդահանրապէս խոհանոցին մէջ անախորժ հոտ կը ստեղծէ։ Իւրաքանչիւր անգամ աղբը թափելէ ետք եթէ զգաք որ խոհանոցին հոտը լաւ չէ կամ որոշ աղբի հետքեր կան, անպայման հականեխիչ ցրուիչով մաքրեցէք ձեր աղբամանին յատակը եւ կափարիչին ներքին մասը։ Այսպէս հոտը կը դադրեցնէք եւ երբեք պէտք չէք ունենար մանրակրկիտ մաքրութեան։
3- Թարմացուցէք ձեր գործիքները եւ մաքրեցէք զանոնք երբեմն, որպէսզի հոտ չտան եւ երեւոյթն ալ մնայ ընդունելի։ Ամանները լուալու մեքենային քամոցը միշտ մաքրեցէք թուղթէ թաշկինակով եւ մեքենան ցօղուելու հանգրուանին վրայ աշխացուցէք՝ առանց ամաններու, որպէսզի մաքրուի։ Մեքենային բերանը բաց թողուցէք որպէսզի մաքուր օդը շրջի մեքենային մէջ։ Իսկ սառնարանին եւ սառցատուփին պարագային՝ մաքուր պահեցէք զանոնք եւ աւելորդ ճաշատեսակներն ու ժամանակը անցած ամանները հեռացուցէք սառնարանէն։ Սառերը երկար մի պահէք սառցատուփին մէջ։ 15 օրէն աւելի մնացած սառերը կրնան ամբողջութեամբ սառցատուփին բոլոր հոտերը քաշած ըլլալ։ Սառնարանին մէջ կարգ մը յարկերու վրայ տարածեցէք Baking Soda՝ պզտիկ բաց ամաններու մէջ, ծածկեցէք զայն կերպընկալ բարակ թուղթով եւ վրան ծակտիկներ բացէք դանակով, որպէսզի հոտերը կարենայ ծծել։ Մօտաւորապէս երեք ամիս կարելի է սառնարանը պահել։
4- Լուացարանին ջաղացքը մաքրեցէք սառցատուփին սառերը թափելով ու ջաղացքը դարձնելով։ Իսկ եթէ ջաղացք չունիք 1/2 գաւաթ Baking Soda պարպեցէք լուացարանին մէջ վրան պարպելով գաղջ ջուր։
Այսպէս որոշ հիմնական մաքրութեան ձեւեր որդեգրած կ՛ըլլաք։ Ձեր խոհանոցը հեռու կը մնայ մանրէներէ ու հոտերէ։
Ուտելիքներ Ուղեղի
Աշխատանքին Համար
Թարմացուցէք ձեր ընտանիքին ուղեղային կարողականութիւնը հետեւեալ ձեւով.
Կրնանք ուղեղի ուժականութիւնը իր լրումին հասցնել հետեւելով առողջապահական եւ հաւասարակշռուած սննդականոնի մը: Այս սննդականոնը շաքարեղէնով հարուստ (complex carbohydrates) կրնայ ըլլալ, որովհետեւ անիկա հիմնական «վառելանիւթն» է ուղեղի աշխատանքին համար:
«Մարդիկ կրնան ցած շաքարեղէնի սննդականոնի հետեւիլ, բայց տակաւին կարիքը ունին complex carbohydratesի իրենց ուղեղներուն համար», կը հաստատէ ամերիկեան սննդականոնի մասնագէտներէն մէկը: «Առանց շաքարեղէնի հաւանաբար չկարենաք նոյն յստակութեամբ մտածել»:
Շատ կարեւոր է սակայն՝ խուսափիլ պարզ շաքարեղէնէն, որոնք ընդհանրապէս անպէտ ուտելիքներուն (junk food) մէջ կը պահուին: Անոնց մէջ գտնուող «կլուքոզ»ը ուղեղին ժամանակաւոր կերպով բարձր շաքար ստանալու խաբկանքը կ՛ապրեցնէ եւ ապա անմիջապէս՝ չափազանց անօթութեան, ու նաեւ, անոր զուգահեռ, յոգնածութեան զգացումը կու տայ ենթակային: Մինչ complex carbohydrates սպառելու պարագային «կլուքոզ»ի արտադրութիւնը պիտի մնայ միանշանակ գծով եւ չափաւորուած, որուն նպաստը պիտի ստանայ առաւելաբար ուղեղը: Սննդականոնի մասնագէտները իւրաքանչիւր ժումի համար կը թելադրեն հաւասարակշռուած քանակով շաքարեղէն ու բրոթին:
Օրինակներ տալու համար.
Նախաճաշ: Oatmeal առանց իւղի կաթի եւ խնձոր կամ raspberry։
Ուղեղը տաքցնելու եւ աշխատանքի պատրաստելու գաղտնիքը շատ պարզ է. ընդամէնը լաւ նախաճաշ մը ընել: Ընտրեցէք whole grain cereal առանց աւելցուած շաքարի: Ասիկա սննդանիւթերու եւ հանքերու հսկայական աղբիւր մըն է, ինչպէս նաեւ բնաթելերու հարուստ աղբիւր մը, որ պիտի նպաստէ ձեզի առաւօտեան ժամերուն: Նաեւ ձեր մարմինը կաթին ու cereal-ին շնորհիւ պիտի ստանայ բաւարար բրոթին ու գալսիում: Առաւել թարմ պտուղը, որ թելադրուեցաւ, լաւագոյն աղբիւրն է բնաթելի: Ասիկա լաւագոյն ձեւն է առաւօտուն ուղեղը սնուցանելու միաժամանակ ե՛ւ շաքարեղէնով ե՛ւ բրոթինով:
Առաջարկուած քանակ.-
3/4 գաւաթ oatmeal՝ 98 ջերմոյժ
1/2 գաւաթ իւղէ զուրկ կաթ՝ 33 ջերմոյժ
1 խնձոր՝ 47 ջերմոյժ
3/4 գաւաթ արքայամորմ (raspberry)՝ 25 ջերմոյժ:
Կէսօրուան ճաշ: Հնդկահաւի միս՝ շերտ մը հացով ու լոլիկով։
Կրկին, սննդականոնի մասնագէտները կը թելադրեն առ նուազն երեք տեսակ ուտելիքներ ընդգրկել մեր ճաշի ժումին, ինչ որ այս առաջարկը կը հայթայթէ:
Ընտրեցէք whole wheat սեւ հացը, որ ունի աւելի քանակով սննթանիւթեր եւ հանքային նիւթեր, ինչպէս երկաթ եւ մակնիզիում քան սովորական ճերմակ հացը: Թեթեւ նկատուած հնդկահաւի միսը առաջին հերթին բաւականին զուրկ է իւղէ ու նաեւ լաւ աղբիւր՝ բրոթինի: Ան նաեւ հարուստ է B կենսանիւթով ու սէլէնիումով:
Բանջարեղէն աւելցնելով ձեր ճաշին, ինչպէս հազար ու լոլիկ, դուք ձեզ օժտած կ՛ըլլաք յաւելեալ շաքարեղէնով, ինչպէս նաեւ կենսանիւթերով (ֆոլէյթ): Իսկ յաւելեալ բրոթինի ու քալսիումի համար կրնաք նաեւ շերտ մը նուազ իւղ պարունակող պանիր աւելցնել ձեր կերածին:
Առաջարկուած քանակ.-
2 շերտ հաց՝ 190 ջերմոյժ
3.5 օզ. հնդկահաւի միս՝ 105 ջերմոյժ
2 օզ. նուազ իւղով պանիր՝ 130 ջերմոյժ
1/2 լոլիկ՝ 9 ջերմոյժ:
Ընթրիք: Սալմոն ձուկ, սրճագոյն բրինձով ու կանաչ աղցանով։
Կարգ մը մարդիկ կը սխալին եւ երեկոյեան միայն բրոթին ու աղցան կը սպառեն:
Նոյնիսկ կանաչ աղցանը բաւարար շաքարեղէն չի կրնար հայթայթել ձեր մարմնին, ինչ որ պիտի տրամադրէր սրճագոյն բրինձը:
Սալմոն ձուկը շատ լաւ աղբիւր է բրոթինի եւ Օմէկա-3ի, որ կրնայ կանխարգիլել սրտի հիւանդութիւններն ու կաթուածները եւ կր սատարէ ուղեղի աշխատանքին: Եթէ սալմոն չէք սիրեր, կրնաք զայն փոխարինել այլ տեսակի ձուկերով, օրինակ կապոյտ ձուկ (bluefish) կամ հէրինկ (herring)։
Սրճագոյն կարճ բրինձը շաքարեղէնի եւ բնաթելի օրինակելի աղբիւր է: Չսիրելու պարագային կարելի է զայն փոխարինել ցորենի ալիւրով պատրաստուած խմորեղէններով: Բանջարեղէններու աղցանը, որ իր մէջ կը պարունակէ «ասբարակուս», պղպեղ եւ «պրոգլի», կրնայ ամբողջացնել ձեր ընթրիքի ժումը յաւելեալ կենսանիւթերով ու շաքարեղէններով:
Առաջարկուած քանակ.-
3.5 օզ. սալմոն ձուկ՝ 180 ջերմոյժ
1/4 գաւաթ սրճագոյն բրինձ՝ 180 ջերմոյժ: