Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Այս յօդուածին մէջ պիտի խօսիմ յատկապէս կռնակի վարի մասի, այսինքն ողնայարի մէջքին ողնոսկրներու բաժինի ցաւի մասին, եւ շարունակ պիտի արտայայտուիմ միայն «Կռնակի ցաւ» ըսելով։
Մեզմէ շատեր կը գանգատին կռնակի ցաւէ. ան յաճախակիօրէն տեսնուող երեւոյթ մըն է։ Չափահասներուն 60%էն աւելին կ՛ունենան զայն, մանաւանդ 60 տարեկանէն ետք։ Ան կը հարուածէ մարդկութիւնը առանց սեռի, գոյնի եւ տարիքի խտրութեան։ Առաջին անգամ կռնակի ցաւ ունեցող մը շատ մեծ հաւանականութիւն ունի ապագային կրկնելու զայն։ Տարեցներ, ծխախոտ գործածողներ, երկար ժամերով ինքնաշարժ վարողներ, գրասենեակներու մէջ երկար ժամեր անշարժ աշխատողներ, ֆիզիքական ծանր աշխատանք տանող անհատներ, անշարժ-նստակեաց մարդիկ, հոգեկան ընկճուածութիւն եւ հոգեբանական խանգարումներ ունեցողներ աւելի հակամէտ են ունենալու կռնակի ցաւը։
Կռնակի ցաւը լաւապէս հասկնալու եւ անոր ախտաճանաչումը կատարելու համար գիտնալու ենք ողնայարին կազմաւորումը։ Ողնայարը կազմուած է 33 ողնոսկրներէ, որոնցմէ առաջին 7 հատը կը կոչուին պարանոցային )cervical( ողնոսկրներ, ասոնց կը յաջորդեն՝ 12 լանջային )thoracic( ողնոսկրները, 5 միջային եւ կամ մէջքի )lumbar( ողնոսկրները, 5 սրբանային )sacral( ողնոսկրները եւ 4 պոչային )coccygeal( ողնոսկրները։ Ընդհանրապէս սրբանային եւ պոչային ողնոսկրները առանձնաբար միաձուլուած կ՛ըլլան եւ կը ներկայանան որպէս երկու ամբողջութիւններ։ Մէջքի 5 ողնոսկրներէն վերջինը յաճախ միաձուլուած կ՛ըլլայ սրբանային առաջին ողնոսկրին հետ։ Իւրաքանչիւր ողնոսկր կազմուած է հաստատուն մարմինէ մը, կեդրոնական մեծ բացուածքէ մը եւ կողմնակի ցցուն ոսկրային թեւերէ, ողնոսկրներու կեդրոնական շարունակական բացուածքները կը կազմեն երկար խողովակ մը ողնայարին ամբողջ երկարութեան, իսկ ոսկրային կողմնակի թեւերու շարունակականութիւնը կը ստեղծէ ողնոսկրային կողմնակի պզտիկ ծակտիկներ։ Ողնածուծը, որ շարունակութիւնն է ուղեղին, զետեղուած է ողնայարի կեդրոնական խողովակին մէջ։ Ողնայարի կողմնակի ծակտիկներէն դուրս կուգան ողնածուծի 30 ջիղերը, որոնք կը տարածուին դէպի մարմնին բոլոր մասերը։ Այս ջիղերուն 8 հատը կը կոչուին՝ պարանոցային ջիղեր, 12 հատը՝ լանջային ջիղեր, 5 հատը՝ միջային ջիղեր, եւ 5 հատը՝ սրբանային ջիղեր։ Ողնոսկրներու հաստատուն մարմիններու միջեւ կը գտնուին յատուկ բոլորակաձեւ անօթներ եւ կամ սալեր)disc(, որոնք կը պաշտպանեն ողնոսկրները հարուածներէ եւ ողնայարին կու տան շարժումի որոշ ազատութիւն։ Ողնոսկրները իրարու կապուած են աճառային յօդերով, մկաններով, մկանային լարերով եւ մաշկային հիւսուածքներով։ Ողնայարը կը գործէ որպէս յենարան եւ կը շալկէ ամբողջ իրանը՝ ուղղաձիգ վիճակի մէջ։
Կռնակի ցաւը կրնայ ըլլալ սուր կամ աղօտ, շարունակական եւ կամ ընդմիջումով, համաձայն ախտապատճառին եւ անոր հետ միատեղ պատահած մկանային պրկուածութեան։ Տեղայնական ցաւին հետ միատեղ կրնան պատահիլ նաեւ զանազան աստիճանի եւ զօրութեամբ ջղային )neurological( ախտանշաններ, նայած ողնածուծի եւ ողնածուծի ջիղերուն կրած վնասին։ Այս ախտանշաններէն կարեւորագոյններն են՝ յետոյքի, զիստի, կոնքի, սրունքներու, ոտքի եւ ոտքի մատներու ցաւ, սրունքի, ոտքի եւ ոտքի մատներու մակերեսային թմրութիւն եւ անզգայութիւն, ինչպէս նաեւ մկանային տկարութիւն։
Կռնակի ցաւը կը յառաջանայ բազմակողմանի ախտապատճառներով։ Այս ախտապատճառները կրնան ըլլալ՝
Ա. Հիմնական ախտապատճառներ.
Բ. Երկրորդական ախտապատճառներ.
Հիմնական ախտապատճառներէն կարելի է յիշել հետեւեալները՝
1. Ողնոսկրներու ընդոծին անբնական կազմաւորում.
2. Ողնոսկրներու լաւորակ եւ չարորակ ուռեր։ Այս ուռերը կը նեղցնեն ողնածուծի անցքը եւ կը ճնշեն ողնածուծին եւ անկէ ճիւղաւորուող ջիղերուն վրայ, յառաջացնելով հետեւեալ ախտանշանները՝
ա. Տեղայնական ցաւ, որ կրնայ տարածուիլ դէպի զիստ, կոնք, սրունք, ոտք եւ ոտքի մատներ.
բ. Ոտքի թմրութիւն եւ անզգայութիւն.
գ. Սրունքի եւ ոտքի մկաններու տկարութիւն ու քալելու դժուարութիւն.
3. Ողնածուծի լաւորակ եւ չարորակ ուռեր,
4. Ողնածուծի զարկերակային եւ խելապատակային ուռեր.
5. Ողնածուծէն դուրս ելլող 30 ջիղերու ուռեր.
6. Ողնոսկրներու հարուածային վնասուածք եւ կոտրուածք.
7. Մէջքի մկանային գալարում-պրկուածութիւն )strain, sprain(՝
ա. Անշարժութիւն, նստակեաց կեանք, մարզանքէ խուսափում.
բ. Սխալ դիրքորոշումով ֆիզիքական աշխատանք.
գ. Ծանր առարկաներ վերցնել-շալկել.
դ. Ծանր պայուսակ մը ուսէն երկար ատեն կախել.
ե. Սխալ նստուածք, քալելու ձեւ եւ մարզանքի ձեւեր.
8. Ողնոսկրներու ծանր մետաղներով թունաւորում, ի մասնաւորի ռատիոմով.
9. Ոսկրափխրում.
10. Ռոմաթիզմային ողնոսկրատապ )vertebral rheumatoid arthritis(.
11. Մաշումի հիւծիչ ողնոսկրատապ. )degenerative osteoarthritis(.
12. Մանրէական ողնոսկրատապ )infectious arthritis(.
13. Ողնայարի սալաթափութիւն )herniated disc(. այս պարագային սալ մը կը շարժի, կը սպրդի եւ կողմնակի կ՛ուղղուի դէպի աջ կամ ձախ. այս սպրդումով սալը կը ճնշէ ողնայարէն դուրս ելլող ջիղին վրայ եւ կը յառաջացնէ հետեւեալ ախտանշանները՝
ա. Կռնակի տեղայնական ցաւ, որ կրնայ տարածուիլ դէպի զիստ, կոնք, սրունք, ոտք եւ ոտքի մատներ.
բ. Ոտքի թմրութիւն եւ անզգայութիւն.
գ. Աղիքներու եւ միզամանի խանգարում՝ անդամալուծութիւն, միզարձակութիւն )urinary incontinence(, կղկղանքարձակութիւն )fecal incontinence(.
14. Ողնայարի ֆիզիքական հարուած եւ վնասուածք.
ա. Ինքնաշարժի արկածներ.
բ. Երկար տեւողութեամբ փորի վրայ պառկիլ, որ կը խախտէ ողնայարին ուղիղ դիրքը.
գ. Կռնակի սխալ դիքորոշում՝ տեսողութեան տկարացումով, մասնաւորաբար ինքնաշարժ վարելու եւ համակարգիչ գործածելու ընթացքին.
դ. Շատ կարծր եւ կամ շատ փափուկ ներքնակի գործածութիւն, որ ողնայարը կը ձեւափոխէ.
ե. Անհանգիստ եւ բարձ կրուկով կօշիկներու գործածութիւն։
(Վերջը յաջորդով)