ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան, Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14ին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն դէմ պայքարելու համար միացեալ ճակատ կազմած կուսակցութիւնները բողոքի զանգուածային ձեռնարկներ պիտի կազմակերպեն յառաջիկայ օրերուն՝ պահանջելով, որ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը (ՍԴ) հայ-թրքական յայտնի արձանագրութիւնները յայտարարէ իբրեւ հակասահմանադրական:
Ըստ Յովհաննիսեանի, տօնական օրերու մթնոլորտը պէտք չէ խանգարէ, որ ժողովուրդը իր զանգուածային ներկայութեամբ մասնակցի բողոքի այս ձեռնարկներուն:
Վ. Յովհաննիսեան նաեւ յայտնած է, որ արձանագրութիւնները մերժող կուսակցութիւններու նախաձեռնած շարժման աստիճանաբար կը միանան մեծ թիւով հասարակական կազմակերպութիւններ:
«Կը միաւորէ՞ք ձեր ուժերը Հայ Ազգային կոնգրէսի (ՀԱԿ) ուժերի հետ» հարցումին ի պատասխան դաշնակցական պատգամաւորը յայտարարած է, որ անոնք, որ հակա-արձանագրութիւն շարժումը հեգնանքով կ՛անուանեն «հայդատականութիւն», Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հետ «անելիք չունեն»:
«Կուրօրէն ատելով իշխանութիւններին՝ հայ-թուրքական յարաբերութիւնների հարցում ՀԱԿը համամիտ է նրանց հետ», յայտնած է Վ. Յովհաննիսեան:
Հայաստանի վրայ արձանագրութիւններու վաւերացման համար արտաքին շարունակուող ճնշումներուն անդրադառնալով, Յովհաննիսեան յայտնած է, որ «Այս ամբողջ գործընթացը ճնշումների արդիւնք է, բայց եթէ ՀՀ նախագահը որոշել է պինդ կանգնել մեր շահերը պաշտպանելիս, սա կարելի է միայն ողջունել»:
Վ. Յովհաննիսեանը՝ ներկայացնելով այն քայլերը, որ Հայաստանը կրնայ ձեռնարկել դէմ դնելու այս ճնշումներուն, յայտնած է, որ «կարելի է յայտարարել, որ Թուրքիան խախտում է պայմանաւորուածութիւնները, եւ կասեցնել գործընթացը: Ճիշտ Ռեջեփ Թայիփ Էրդողանի նման կարելի է վարուել. Սերժ Սարգսեանը յայտարարում է, որ մենք ժողովրդավար երկիր ենք, եւ մեզ մօտ գործադիր իշխանութիւնը չի կարող կողմնորոշել կամ ճնշել օրէնսդիրին արձանագրութիւնների վաւերացման քուէարկութեան ժամանակ: Եւ ուրեմն, պառլամենտը (Ազգային Ժողովը-Խմբ.) ազատ է քուէարկելու: Իսկ ես վստահ եմ, որ եթէ ազատ քուէարկութիւն լինի, արձանագրութիւնները չեն վաւերացուի: Բայց կայ նաեւ այլ սցենար: Հայաստանը կարող է առաջ քաշել վերապահումներ, որոնց հիմքը կարող է դրուել Սահմանադրական Դատարանում: Վերապահումներ ներկայացնել, որոնք ոչ թէ կը մերժեն ուղղակի այս բանակցային գործընթացում ծնուած փաստաթղթերը, այլ կը բարեփոխեն դրանք: Եւ եթէ Թուրքիան այդ բարեփոխումների հետ կը համաձայնի լաւ, եթէ ոչ բանակցութիւնները կը սկսուեն ինչ-որ նոր փուլից»:
Եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները ետ կանգնին հայ-թրքական արձանագրութիւններէն Դաշնակցութիւնը կը վերադառնայ կառավարութեան մէջ հարցումին, Յովհաննիսեան ժխտական պատասխան տալով յայտնած է, որ «մի բանում մենք համոզուեցինք, որ մեր իշխանութիւնն ընդունակ է որոշումներ կայացնել առանց խորհրդակցութեան»: Անոր խօսքով՝ այնքան ատեն, որ այդ գործելաոճը չէ փոխուած, կառավարութեան մաս կազմելու մասին կարելի չէ խօսիլ: Այսուհանդերձ, ընդհանուր հարցերու շուրջ համագործակցութեան հնարաւորութիւնը՝ ըստ Վահան Յովհաննիսեանի կարելի է:
Անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան, Վահան Յովհաննիսեան նշած է, որ ՀՅԴի համար անընդունելի են մատրիտեան սկզբունքները:
«Դրանք ուղղուած են վերացնելու պատերազմի հետեւանքները, այլ ոչ թէ պատճառը: Այդ պատճառով դրանցում շեշտը դրուած է տարածքների վերադարձի, եւ ոչ թէ Ղարաբաղի կարգավիճակի վրայ», յայտնած է ան:
Barkev Asadourian says:
December 15, 2009 at 10:10 pmAYS TAVADJANEROON MAKRAKORTSOOME
GE BAHACHEVI HAY ZHOGHOVOOTI GOGHMEN
GETZE HO HE TA N MER AZKIN BAHABAN