ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15ին յայտնեց, որ Բրիտանիոյ մէջ Իսրայէլի նախկին արտաքին գործոց նախարար Ցիփի Լիվինիի ձերբակալման հրամանագիր հրապարակուած է եւ զգուշացուց, որ բրիտանական դատարաններու մէջ իսրայէլացի ղեկավարներու դէմ պատերազմական ոճիրներու ամբաստանութիւններ կատարելը կը սպառնայ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն։
Լիվնիի գրասենեակը մերժեց հաստատել Երկուշաբթի օր արաբական մամուլին մէջ լոյս տեսած այն տեղեկութիւնները, թէ ան ձերբակալուելու մտահոգութենէն մղուած ստիպուած է Լոնտոն ճամբորդելու իր ծրագիրը ջնջել: Նախկին նախարաը պնդած է, որ ճամբորդութիւնը ջնջուած էր այլ պատճառներով:
Իսրայէլ կոչ ըրաւ Բրիտանիոյ կառավարութեան, որ վերջ դնէ հակաիսրայէլեան ուժերու կողմէ Իսրայէլի դէմ բրիտանական արդարադատական համակարգին շահագործման։
Միւս կողմէ, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Երեքշաբթի օր յայտնեց, որ պաղեստինցիները Իսրայէլի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններուն պիտի վերսկսին, եթէ ան դադրեցնէ բնակեցման ապօրինի վայրերու կառուցումը եւ 1967ի սահմանները ճանչնայ իբրեւ պաղեստինեան պետութեան մը հիմքը։ Ապպաս նաեւ յայտնեց, որ պիտի չընդունի որեւէ վերադարձ Իսրայէլի դէմ բռնարարքներու ընտրանքին:
Միւս կողմէ, Կազան իր հակակշռին տակ պահող «Համաս» շարժումը իր հիմնադրութեան 22 ամեակի առթիւ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ կը հաստատէ, որ մինչեւ պաղեստինեան բոլոր հողամասերու ազատագրումն ու Երուսաղէմը իբրեւ մայրաքաք ունեցող պաղեստինեան անկախ պետութեան ստեղծումը, կառչած կը մնայ զինեալ դիմադրութեան իբրեւ ռազմավարական ընտրանք պահելու գաղափարին։ «Համաս» նաեւ վստահեցուց, որ իր մօտ գերեվարուած իսրայէլացի զինուոր Կիլատ Շալիթը ազատ պիտի արձակուի միայն եթէ Իսրայէլ ազատ արձակէ պաղեստինցի գերիները։