ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Կիրակի, Դեկտեմբեր 20ի երեկոյեան, «Ժամանակ» օրաթերթի հարիւրամեակի տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, տեղի ունեցած է յատուկ համերգ մը Պոլսոյ Թէքնիք Համալսարանի Մաչքայի թատրոնին մէջ։
Սօփրանօ Յասմիկ Պապեան, իր կողքին ունենալով դաշնակահար ու կազմակերպիչ Շահան Արծրունին ու Ս. Վարդանանց երգչախումբը (խմբավար Ատրուշան Հալաճեան), իրագործած է սոյն առիթին համար պատրաստուած յայտագիր մը։
Առաջին մասին մէջ, Յասմիկ Պապեան, Արծրունիի դաշնակի ընկերակցութեամբ երգած է Կոմիտասէն եօթը հանրածանօթ երգեր՝ սկսելով «Կռունկ»էն, ապա «Չինար ես»ը, «Քէլէ, Քէլէ»ն եւ «Կաքաւի երգը»։
Կոմիտասեան երգերէն ետք, հիւր սոփրանօն հրամցուցած է նորութիւն մը, երգելով Մանսուրեանի «Չորս հայրէն»ներ կտորը՝ արդի հայ երաժշտութեան յատկանշական նմոյշներէն մէկը։ Հակառակ որ յայտագրին մէջ չէր, Յասմիկ Պապեան երգած է նաեւ Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»ը։
Յայտագրի երկրորդ մասով Շահան Արծրունի նուագած է Բարխուդարեանի «Նազ պար»ն ու Խաչատրեանի «Թոքքաթա»ն եւ Պապաճանեանի Սայաթ Նովայի ներշնչումով Էլեկիան։
Այնուհետեւ բեմը յանձնուած է Վարդանանց երգչախումբին կատարելու համար Կանաչեանի «Նանօր»ը, որմէ ետք երգչախումբին միանալով, Յասմիկ Պապեանն ու Շահան Արծրունին «Անուշ» օփերայի «Խելագարութեան» տեսարանը հրամցուցած են հանդիսատեսներուն։
Յասմիկ Պապեան ամբողջացնելով յայտագիրը, յաջորդաբար երգած է «Կիլիկիա»ն եւ Կոմիտասի «Հայաստան»ը։