ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի
Հայ քաղաքական նոր տարին շուտով կը դիմագրաւէ լուրջ փորձաքար։ 12 Յունուարին, Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը յայտարարութիւն պիտի կատարէ հաստատելու կամ չհաստատելու համար Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն սահմանադրականութիւնը։ Կամ՝ միջանկեալ դրուածքով մը վերապահութիւններ յղելով Հայաստանի Ազգային ժողովին։
Ցիւրիխի ստորագրութիւններուն նոյն օրը, նոյնիսկ ստորագրութիւններէն ժամեր առաջ արդէն իսկ հայկական կողմը կը ձեռնարկէր վերապահութիւններու եւ մտահոգութիւններու բացայայտման շարքի մը։ Հայաստանի նախագահին ուղերձը, որ թէեւ արձանագրութիւններուն նկատմամբ օրինական արգելքի համազօր չէր, այսուհանդերձ քաղաքական առումով յստակօրէն կը շեշտէր թրքական նախապայմաններու մերժումը, անոնց այնտեղ ծուարած ըլլալու մտահոգութիւնը։ Նախագահը այս առիթով ուղղակի կը խօսէր հայութեան հայրենազրկումի իրողութեան մասին։
Այնուհետեւ, հայկական կողմը քանի մը առիթով կը խօսէր խելամիտ ժամկէտի, առանց թրքական խորհրդարանին վաւերացման մեր կողմէ վաւերացումի քայլի բացառման եւ գործընթացի ձգձգման պարագային միջազգային օրէնքի սահմանած կարգով հակազդող կեցուածք ճշդելու մասին։
Բացորոշ կը դառնար, որ մինչեւ Ցիւրիխ՝ արձանագրութիւններով Հայաստանի համար նոր պատուհաններու բացման մասին կը բարձրաձայնուէր, Ցիւրիխի օրն իսկ եւ անկէ ետք արձանագրութիւններու պատճառած մտահոգութիւններու, վերապահութիւններու եւ թրքական խուսանաւումներու մասին կը խօսուէր ամէն առիթի՝ թէ՛ նախագահական եւ թէ՛ նախարարական մակարդակներով։
Քաղաքական վարքագիծի գէթ յայտարարողական հարթութեան վրայ երեւցած այս փոփոխութիւնը իր արձագանգը պիտի ունենայ վստահաբար իրաւական գետնի վրայ։ Համատարած համոզում գոյութիւն ունի այն մասին, որ Հայաստանի մէջ քաղաքական եւ իրաւական դաշտերը սերտօրէն փոխառնչուած են իրարու։ Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, որ երկրորդը կցորդի կարգավիճակի մէջ է հանդէպ առաջինին։
Չմոռնանք, որ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին նախագահը Հայաստանի հանրապետութեան նախագահին ձեռնարկած համահայկական ուղեւորութեան կ՛ընկերակցէր եւ տարբեր երկիրներու մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ ի սկզբանէ կը հաստատէր արձանագրութիւններուն սահմանադրականութիւնը։ Մինչդեռ, միջազգային համաձայնագիրներու եւ նման փաստաթուղթերու վաւերացման հայաստանեան ընթացակարգը յատուկ հանգրուան ճշդած էր Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին համար, որ իր հերթին արձանագրութիւններու նախաստորագրութիւններէն եւ ստորագրութիւններէն ետք պիտի քննէր եւ հաստատէր կամ տեսականօրէն չհաստատէր անոնց սահմանադրականութիւնը։
Նման ենթաառնչուածութիւն կը յուշէ հետեւողներուն, որ վարքագծային փոփոխութիւն պէտք է նշմարուի նաեւ Սահմանադրական դատարանին մօտ։ Սակայն քաղաքական ազդեցութենէն անկախ, մեր երկրի ու պետութեան Սահմանադրական դատարանը իրաւամբ սահմանադրական պատճառներ ունի խնդրոյ առարկայ դարձնելու արձանագրութիւններուն սահմանադրականութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան հիմքը Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակագիրն է, ուր ամրագրուած են համայն հայութեան իղձերու իրականացման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման գործին անհրաժեշտութիւնը, Արցախը Հայաստանին միաւորելու անսակարկելիութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման սատար կանգնելու հրամայականը։
Սահմանադրական այս երեք նախանիշերը բաւարար են յայտարարելու արձանագրութիւններուն հակասահմանադրականութիւնը։ Եւ եթէ իրօք բոլորս՝ իբրեւ պետութիւն, հասարակական կազմակերպութիւններ, ընդդիմադիր դաշտ, հայրենաբնակ ժողովուրդ եւ սփիւռքահայութիւն համոզուած ենք, որ այս արձանագրութիւնները դէմ են մեր հաւաքական իղձերու եւ համայն հայութեան պատմական արդարութեան վերականգնման։ Եթէ այս արձանագրութիւնները միջազգային բազմակողմ պայնաւորուածութիւններու յարգումով կը հարուածեն ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը եւ իբրեւ այդպիսին կը սպառնան Հայաստան-Արցախ միաւորման հռչակագիրի ամրագրումին։ Եթէ տակաւին համոզուած ենք, որ պատմագէտներու միացեալ յանձնախումբի քննարկումները Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ոչ թէ սատար կը կանգնին, ինչպէս կը բանաձեւէ մեր սահմանադրութեան հիմքը նկատուող հռչակագիրը, այլ կը հարուածեն ճամբայ կտրած գործընթացը, ապա միահամուռ Սահմանադրական դատարանէն պէտք է պահանջենք մերժել այս փաստաթուղթերուն սահմանադրականութիւնը, հռչակել զանոնք հակասահմանադրական եւ անվաւեր յայտարարել ցիւրիխեան ստորագրութիւնները։
zartonk’e nouyn bess
bedk e orinag arnen “asbarez” en
(
c’est ce qu’on appelle de la pure hypocrisie de ma part
hg