ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ, Յունուար 23ին, կէսօրէ ետք ժամը 3ին, Լիբանանի Ազգային Ե. Մանուկեան քոլէճի սրահին մէջ, լիբանանահայ վարժարանները ներկայացնող շուրջ 60 աշակերտ-աշակերտուհիներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեան ներքեւ հաստատուած «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի հայ լեզուի ու գրականութեան զոյգ մրցանակներուն՝ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններուն յատուկ:
18 միջնակարգ վարժարանները սոյն մրցանքին ներկայացուցին 36 աշակերտ-աշակերտուհիներ, իսկ 12 երկրորդական դպրոցները՝ 22 ներկայացուցիչներ: Այս ամբողջական մասնակցութիւնը յառաջացուց խանդավառ մթնոլորտ, երբ իւրաքանչիւր մասնակից փորձեց տալ իր առաւելագոյնը՝ պատասխանելով ուղղագրական, բառագիտական, լեզուական-քերականական, գրականագիտական, վերլուծական եւ շարադրական հարցումներու:
Արամ Ա. կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ եւ հայրական թելադրանքով կեանքի կոչուած «Խաչիկ Պապիկեան»ի անուան ամէնամեայ մրցանքը, եւ յատկապէս լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններուն ու պատասխանատուներուն ցուցաբերած ամբողջական գործակցութիւնը փաստեցին, որ նման նախաձեռնութիւնները ո՛չ միայն օգտակար են, այլեւ յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն: Լիբանանահայ վարժարանները կարիքը ունին նման օգտաշատ հանդիպումներու, որպէսզի տղաքն ու աղջիկները աւելի զարկ տան իրենց հայագիտական հետաքրքրութիւններուն՝ լծուելով իրենց գիտելիքներն ու շնորհները զարգացնելու եւ աւելի կատարելագործելու անյետաձգելի աշխատանքին:
Մրցանքին երկրորդ օղակը՝ հայոց պատմութեան ու կրօնի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու զոյգ մրցումները, տեղի պիտի ունենան Մարտ ամսուան ընթացքին: Նշենք, որ այս տարի նաեւ տեղի պիտի ունենայ հայ երգի մրցոյթ մը, որուն պիտի հրաւիրուին երգելու յատուկ շնորհով օժտուած հայորդիներ:
Վերոնշեալ մրցումներուն առաջին, երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացողները պիտի վարձատրուին նիւթական նկատառելի պարգեւներով: Մրցանակաբաշխութիւնները պիտի կատարուին յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, վեհափառ հայրապետին ձեռամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.