ԹԵՀՐԱՆ.- Ուրբաթ Յունուար 29ի առաւօտեան, Թեհրանի պասքեթպոլի «Արարատ» աղջիկներու խումբը, որուն մարզիկները յայտնի են իբրեւ «թռիչքներու վարպետներ», երրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ Իրանի ախոյեան՝ «Սուփըր Լիկայի» առաջնակարգ մրցումներուն:
93-63 արդիւնքով յաղթելով «Սեփահանի Ֆուլատէ Մոպարաք» առաջնակարգ խումբին՝ «Արարատ»ը դարձաւ Իրանի ախոյեան ու մեծ խանդավառութիւն պատճառեց հայ երկրպագուներուն:
Այսպիսով, Թեհրանի «Արարատ»ը, իբրեւ Իրանի միակ ներկայացուցիչ, պիտի մասնակցի Իրաքի Արպիլ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան Ասիոյ բաժակի ախոյեանութեան: