ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ու ընդդիմադիր կուսակցութիւններու միջեւ դարձեալ փոթորիկ մը պայթած է խորհրդարանին մէջ պատահած ծանր միջադէպին հետեւանքով։ Վէճը ծագած էր, երբ Ազգայնական շարժումէն երեսփոխան Օսման Տուրմուշ վարչապետ Էրտողանը «մարգարէ» կոչած էր, անոր կինը զինուորական հիւանդանոցէ ներս չընդունելու հարցին մասին խօսելու ընթացքին:
Երեքշաբթի օր, Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Տենիզ Պայքալ բանավէճին նոր ուղղութիւն մը տուաւ՝ պնդելով, որ Ֆրանսայի նախագահը եւս Էրտողանին թելադրած էր, որ իր կողակիցը միասին չբերէ Ֆրանսա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին։ Պայքալի պնդումը անմիջապէս հերքուեցաւ թէ՛ վարչապետարանին եւ թէ՛ Ֆրանսայի դեսպանատան կողմէ։ Վարչապետարանը Պայքալի այս պնդումը «վնասակար ու անհիմն զրպարտութիւն մը» որակեց։
Այլ բանավէճ մըն ալ ստեղծուեցաւ Ազգայնական շարժումի ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի հետ, որ երեսփոխանական խմբակի նիստին ընթացքին պաշտպանեց երեսփոխան Տուրմուշը, եւ անոր վրայ յարձակումը որակեց «Խաչակիրներու իններորդ արշաւը»։ Պահչելի, խօսքը վարչապետ Էրտողանին ուղղելով՝ ըսաւ, որ ան ֆաշիզմի մասին թող չխօսի, որովհետեւ ան ֆաշիզմին ինչ ըլլալը չի գիտեր։
Վարչապետը չուշացաւ պատասխանելէ եւ ըսաւ. «Պահչելի իրաւունք ունի։ Մենք ֆաշիզմին ծանօթ չենք, որովհետեւ դուք ֆաշիզմին թէ՛ կիրարկողն էք, թէ՛ տեսաբանը»։ Վարչապետը աւելցուց, թէ Ազգայնական շարժումի անդամներուն ցնորաբանութիւնները ծանօթ են բոլորին, «բայց մենք անոնց պէս չենք կրնար մեր դիմացինը կռնակէն հարուածել»։ Ան նաեւ ծայր աստիճան անվայել համարեց իր կուսակցութիւնը խաչակիրներու բանակին նմանցնելու Պահչելիի յայտարարութիւնը։