ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- ՀՄԸՄի Լոս Անճելըս մասնաճիւղէն կը տեղեկացնեն, թէ աւանդութեան մը վերածուած ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի 4էն 18 տարեկան սկաուտներուն եւ անոնց խմբապետներուն այս տարուան «Արարատ» ծերանոց այցելութիւնը տեղի ունեցած է Կիրակի, Յունուար 31ին:
Վերջին տասնամեակին, ՀՄԸՄի Լոս Անճելըս մասնաճիւղի սկաուտները տարեկան մէկ անգամ կ՛իրականացնեն այս այցելութիւնը, սովորաբար Յունուար ամսուան ընթացքին:
Մասնաճիւղէն մօտաւորապէս 60 անդամներ եւ Ծնողական օժանդակ մարմինէն չորս հոգի այցելած են Միշըն Հիլզի «Արարատ» ծերանոցը՝ իրենց տատիկներն ու պապիկները զուարճացնելով, անոնց հրամցնելով հայկական երգեր, պարեր եւ բանաստեղծութիւններ։
45 վայրկեան տեւած յայտագրին ընթացքին սկաուտներ ներկայացուցած են նաեւ սկատուական կանչեր, նաեւ Սեւանա Ալիք Պարտաքճեան արտասանած է բանաստեղծութիւն մը, իսկ Անի Գեւլեան ներկայացուցած է երկու մենապարեր:
Այս տարի նաեւ սկաուտներու «Արի» խմբակը մարդկային փուրք մը իրականացուցած է՝ արժանանալով ջերմ ծափողջոյններու:
Յայտագիրի աւարտին սկաուտները նաեւ առիթ ունեցած են մօտէն ծանօթանալու տարեցներուն հետ:
ՀՄԸՄի Լոս Անճելըս մասնաճիւղին անդամակցիլ փափաքողները կրնան անձամբ այցելել Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարանը (1615 N. Alexandria Ave., Los Angeles, CA 90027-5207), որուն շրջափակէն ներս կը հանդիպին սկաուտները, ամէն Կիրակի, կ.ա. ժամը 10էն մինչեւ կ.ե. ժամը 1:
ՀՄԸՄի Լոս Անճելըս մասնաճիւղին գործունէութեան կամ անդամակցութեան պայմաններուն մասին յաւելեալ մանրամասնութեանց համար, հեռաձայնել (323) 663-9381 թիւին: