ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի երկու ուղեւորութիւնները դէպի Աբխազիա եւ հարաւային Ռուսիա յատուկ նշանակութիւն եւ հանգամանք ստացան այն առումով, որ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման հիմնական օրակարգ եղած է նաեւ հայրենիք-սփիւռք համագործակցութեան ամրապնդումը։ Նման ուղեւորութիւններու նախաձեռնութիւնը աւելիով կարեւորութիւն ստացաւ, երբ վերջին օրերուն Լիբանան ժամանեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար եւ հիմնական միեւնոյն օրակարգը լուսարձակի տակ առաւ իբրեւ ներազգային կարեւորագոյն խնդիր։
Թէ՛ նախագահ Սահակեանի եւ թէ՛ նախարար Պետրոսեանի բարձրացուցած հարցերը, աշխատանքային ժամանակացոյցի եւ տեսակցութիւններու բնոյթը կը նախանշեն, որ Արցախի մակարդակով պետական քաղաքականութեան հիմնադրոյթի վերածուած է Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան ենթահողը առողջ, կայուն եւ արդիւնաւէտ պահելու հրամայականը։
Փորձենք աւելի բանալ փակագիծերը։ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու նախաստորագրութիւններէն սկսեալ որոշ ականապատում արձանագրուեցաւ Հայաստան-սփիւռք համագործակցական դաշտին շուրջ։ Որքան ալ գաղափարախօսական հիմունքով բազմաթիւ առիթներով շեշտուեցաւ, որ քաղաքական ընդդիմութիւնը, բարեփոխումներու պահանջը, գործընթացը իր ընդհանուր գիծերուն մէջ մերժելը պէտք է պահպանել կառուցողականութեան շրջագիծերու մէջ եւ որեւէ ձեւով չմթագնել հայրենիքի նկատմամբ մեր նուիրուածութեան տարողութիւնները, ամբոխային մակարդակներու վրայ նկատուեցան նոր կարծրատիպերու վերաձեւաւորումներ, անցեալի տխուր յիշատակներու վերաթարմացումներ եւ ոչ խորքային մօտեցումներով ընդհանրացումներ։ Փաստօրէն կ՛ուրուագծուէր հակառակորդ ճակատին կողմէ ղեկավարուող խաղի քողարկուած նպատակներէն՝ հայկական դաշտը պառակտելու նախադրեալներու որոշ ենթահող մը։
Հայաստանի նախագահի ուղերձը եւ այնուհետեւ Սահմանադրական դատարանի որոշումներուն հիմնաւորումներն ու պաշտօնական Երեւանէն թէ՛ նախագահի եւ թէ՛ այլ պաշտօնատարներու կողմէ հնչած մտահոգութիւնները նպաստեցին մտահոգութիւններու փարատման աշխատանքին։
Այսուհանդերձ, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ յանկարծակիութեան գործօնը եւ արձանագրութիւններուն մէջ թաքնուած թրքական նախապայմանները հասկնալիօրէն քաղաքական ընդդիմութեան առընթեր ալեկոծեցին հայ հասարակութեան զգացմունքային եւ յուզական ազգային ներաշխարհը։ Հարցը այն չէ՛ր , որ հայրենի հայութիւնը կ՛ընդառաջէր եւ սփիւռքը կը մերժէր։ Հարցը մերժումի դրսեւորումներու եղանակն էր եւ անոնց թիւր մեկնաբանութիւնները, ամբոխային տրամադրութիւններու ընդհանուր պարունակին մէջ Հայաստան-սփիւռք հատուածներու կեցուածքները ընդհանրացնելու ոչ ճիշդ մօտեցումները։
Այժմ քայլ կ՛առնէ ամբողջ հայութեան վերաբերող երկրորդ համահայկական հիմնահարցի կեդրոնը՝ անկախ Արցախը։ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան այս ճակատագրորոշ կէտը կը նախաձեռնէ ուղեւորութիւններ՝ աղիւսելու համար երեւցող ճեղքերը։ Եւ որքան արտաքին ճակատի վրայ վերաշեշտուի, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններն ու արցախեան բանակցութիւնները փոխշաղկապուած չեն իրարու եւ տարբեր գործընթացներ են, նոյնքան եւ աւելի պէտք է համոզիչ դառնայ ներքին կարգով, որ այս բոլորը ոչ միայն շաղկապուած են, այլեւ մէկ ամբողջութիւն են հայութեան համար։
Արցախի ազատագրումը, վերահայացումը, անկախացումը, պետութեան կերտումն ու հզօրացումը, համայն հայութեան առաջնային կիզակէտերէն են։ Արտաքին իրադարձութիւնները այնպէս կ՛ընթանան, որ հակառակորդ կողմը ի՛նք կ՛արգելակէ յարաբերութիւններու որեւէ տեղաշարժ, առանց Արցախի հարցի կարգաւորման։ Իսկ հայկական կողմի անտեղիտալիութիւնը Արցախի ճակատագրի ճշդման նկատմամբ հզօր դիրքերու վրայ կը պահէ ամբողջ հայութիւնը։
Ամբողջ հայութեան ազգային-քաղաքական ներուժի կեդրոնացեալ կուտակումը կ՛առաջադրուի հայկական եռամիասնութեան ճակատային կէտէն՝ հայոց Արցախէն։ Նախագահ Սահակեանի եւ նախարար Պետրոսեանի նախաձեռնած ուղեւորութիւնները կը սատարեն եռամիասնութեան վերակայացման գործին։