ՊՈԼԻՍ.- Հայ-թրքական գործարար խորհուրդի թուրք համանախագահ Քաան Սոյաք, «Աքսիոն» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կասեցուած է, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել անոր առջեւ դրուած արգելքները: Ըստ անոր, երբ Սահմանադրական դատարանի որոշումէն ետք պաշտօնական Երեւանը արձանագրութիւնները յանձնեց խորհրդարան, ժամանակը սկսաւ ի վնաս Թուրքիոյ աշխատելու։ Հայ-թրքական գործարար խորհուրդի թուրք համանախագահին համոզումով, Թուրքիան պէտք է մինչեւ Ապրիլ 24 արձանագրութիւնները դնէ խորհրդարանի օրակարգին վրայ, «այլապէս լուրջ հարցեր կրնան յառաջանալ»։
Խօսելով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի վաւերացման կարելիութեան մասին՝ Սոյաք յայտարարած է, որ անոր առաջքը առնելու համար, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Անգարան իր առնելիք քայլերով պէտք է օգնէ Օպամային։ «Եթէ Թուրքիան Ապրիլ 24էն առաջ քանի մը քայլ իրականացնէ, Օպամայի համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ կանխել հնարաւոր աղէտը։ Հակառակ պարագային, Թուրքիան պիտի յայտնուի դժուար իրավիճակի մէջ», յայտարարած է Սոյաք։
Իր կարգին, թրքական «Ռեֆերանս» թերթը նոյնիմաստ խմբագրական մը գրած է այս հարցին շուրջ, պնդելով, որ «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները ժամանակացոյց ունին, եւ այդ ժամանակացոյցը մեծ մասամբ կապուած է Ապրիլ 24ի հետ»:
Ըստ թերթին, եթէ Թուրքիա անցեալ տարի չհամաձայներ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց սկսելու առաջարկին, ապա «Օպաման, որ նախագահական ընտրութիւններէն առաջ խոստացած էր ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Ապրիլ 24ին ստիպուած պիտի ըլլար այլ բաներ ըսելու, ինչ որ լարուածութիւն պիտի ստեղծեր։ Հիմա ալ նման ժամանակացոյց մը կայ», կը գրէ «Ռեֆերանս», որ նաեւ կոչ կ՛ընէ Անգարային, որ իբրեւ պատրուակ չօգտագործէ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին որոշումը ու լրջութեամբ մօտենայ Երեւանէն եկող «գործընթացը չձգձգելու» կոչերուն:
Միւս կողմէ, «Միլլիյէթ» Չորեքշաբթի օր մանրամասնութիւններ փոխանցեց Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէյմզ Ճեֆրիի ու թուրք խորհրդարանականներու միջեւ հանդիպման մասին: Ըստ թերթին, երեսփոխանները քննադատած են Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը, պնդելով, որ Ուաշինկթըն զայն կ՛օգտագործէ Թուրքիոյ դէմ:
Դեսպան Ճեֆրի, նշելէ ետք, թէ այդ բանաձեւի որդեգրման հաւանականութիւնը 50 առ հարիւր է, պատասխանած է. «Եթէ անիկա որդեգրուի, ապա բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ։ Ինչպէս Օպամա Էրտողանին ըսած էր, ելքը՝ Հայաստանի հետ լաւ յարաբերութիւններ հաստատելն է։ Այսպիով միակ ելքը Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւններու վաւերացումն է»։
Դեսպանին այդ պատասխանին կտրուկ կերպով հակադարձած է ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Տենիզ Պոլուքպաշ, որ ըսած է. «Ձեր խօսքերը թաքնուած սպառնալիք են։ Մենք ալ թրքական կառավարութենէն կը պահանջենք Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու բարեկամութեան վնասող օրինագիծ մը բերել խորհրդարան։ Կառավարութիւնը կա՛մ պէտք է Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները չեղեալ յայտարարէ, կա՛մ քուէարկութեան դնէ ու միաձայնութեամբ մերժէ»։
Վերջապէս, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով օգնական Ուիլեըմ Պըրնզ Հինգշաբթի օր Անգարա պիտի այցելէ՝ քննելու համար Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութեանց, Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին, քիւրտ անջատողականներու դէմ պայքարին ու Իրանի վերաբերեալ հարցերը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.