Համազգայինի Օրէնճ Քաունթիի «Սիամանթօ» մասնաճիւղի յաջող ձեռնարկներու ծիրէն ներս կարելի է նկատել փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի «Resurrection with Cane and Shoe» գիրքին շնորհահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ ութսունէ աւելի գրասէրներու ներկայութեամբ։ Հանդիսավար Կարօ Յակոբեան ներկայացուց հեղինակը իբրեւ անձ, մարդ, հայասէր եւ յարգուած անձնաւորութիւն՝ հայկական եւ ամերիկեան շրջանակներէ ներս։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ բարերարին անունը կրող «Յարութ Պարսամեան» Հայ կեդրոնէն ներս։ Գիրքը առաջին ներկայացնողն էր Սարգիս Մահսէրէճեանը:

Ան հայերէն լեզուով ներկայացուց կեանքը հայ բարեկեցիկ ընտանիքի մը, որ ներգաղթի օրերուն ձգելով ամէն հանգստաւէտ պայմաններ եւ նիւթական յաջողութիւն՝ հայրենիքի սիրոյն կը փոխադրուի Հայաստան, ուր կը սկսի ոդիսականը այս հայրենասէր ընտանիքին։ Ս. Մահսէրէճեան շեշտեց, թէ այս հատորը մեր ներգաղթողներուն ճաշակած անպատմելի դառնութիւններուն եւ յուսախաբութիւններուն մինչեւ ներկայիս չգրուած բացն է, որ գրուած է հաճելի ոճով, ինքնուրոյն դարձուածքներով եւ Յարութ Պարսամեանի յատուկ երգիծանքով՝ գիրքը դարձնելով խիստ հետաքրքական եւ այժմէական։
Օրուան երկրորդ բանախօսը՝ տիկին Մարի Թերզեանը, ներկայացուց գիրքը անգլերէն լեզուով։ Յիշելէ ետք իր եւ Յարութ Պարսամեանի հետաքրքական առաջին հանդիպումը, Մ. Թերզեան ինք ալ անդրադարձաւ գիրքին արժէքին, Պարսամեան ընտանիքի անդամներուն առանձնայատկութիւններուն, հակառակ ամէն դժուարութեանց՝ անոնց յարատեւ եւ աննկուն կամքին ու մանաւանդ ինքնուրոյն երգիծանքին, որ ընթերցողին իրական վայելք կ՛ընձեռէ գիրքի ամբողջ տեւողութեան։
Աւարտին խօսք առաւ հեղինակը՝ փրոֆ. Յարութ Պարսամեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ներկաներուն եւ Համազգայինի «Սիամանթօ» մասնաճիւղին, տուաւ նկարագրականը քանի մը հետաքրքական դէպքերու, այս գիրքի պատրաստութեան ընթացքին։ Փրոֆ. Պարսամեան եզրափակեց իր խօսքը՝ հայութեան, Սփիւռքին, սովետական եւ ներկայ հայրենիքին ու հոն տիրող վարչակարգին վերաբերեալ խորհրդածութիւններով։
Ներկաներու հարցումներուն հեղինակը պատասխանեց գոհացուցիչ եւ համապարփակ ձեւով։ Երեկոյթը վերջ գտաւ հիւրասիրութեամբ։ Առ ի գիտութիւն, գիրքը կը վաճառուի «Սարդարապատ», «Ապրիլ» եւ «Պերճ» գրատուներուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Օրէնճ Քաունթիի Հայ կեդրոնէն ներս։