ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Չորեքշաբթի, Յունուար 20ին կայացած Արարատ տան Արեւմտեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ճաշկերոյթին ընթացքին ներկայացուեցան նոր վարչութեան անդամները, որոնք են՝ Տէպի Աւետեան, Քարմէն Լիպարիտեան, Լուիզ Արքլին, Սէնտի Թոմասեան, Փեթի Սամարժ, Ճինա Էսքիճեան, Տիան Օհաննէսեան, Սուզան Քարտաշեան, Մարիէն Զահքա, Էն Միլզ եւ Ճոան Աղաճանեան-Քուին: Ճաշկերոյթին ընթացքին դասախօսութեամբ մը հանդէս եկաւ տոքթ. Փիթըր Աշճեանը, որ գեղագիտական գործողութեանց մարզին մէջ յայտնի վիրաբոյժ մըն է: