Ամերիկայի յունական հիմնարկը Չորեքշաբթի, Մարտ 3ին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը իր ձայնը միացնելով Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքին, կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին, որ վաւերացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւը, որուն մէկ օրինակը՝ թիւ 252 բանաձեւը, այսօր, Հինգշաբթի, Մարտ 4ին պիտի քննարկուի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին մէջ:
Հիմնարկը կը շեշտէ, թէ բանաձեւին վաւերացումը կը համապատասխանէ ամերիկեան շահերուն եւ համաձայն է ամերիկեան արժէքներուն, ինչպէս նաեւ վերջ մը պիտի դնէ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան նեցուկ կանգնելու Ուաշինկթընի խորթ կեցուածքին:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, թէ թրքական կառավարութեան գործադրած Հայկական Ցեղասպանութիւնը ու Պոնտոսի յոյներուն եւ ասորիներուն ցեղասպանութիւնները լաւապէս վաւերագրուած են, եւ այս իրողութիւնները ուրանալու Թուրքիոյ կեցուածքը խոչընդոտ մը դարձած է շրջանի երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան եւ շրջանի կայունութեան: