Անցնող տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս «Մանուկեան-Տէմիրճեան» վարժարանի Ծնողաուսուցչական մարմինը կազմակերպեց Միջինքի ձեռնարկ, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Մարտ 3ին, վարժարանի սրահին մէջ: Ծնողաուսուցչական մարմինի ատենապետուհի Ալիս Չաքըրեան իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած են այս ձեռնարկի յաջողութեան: Ապա Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը, որմէ ետք առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Մաշտոց Չօպանեան փոխանցեց օրուան խորհուրդը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.