ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարար Մանուկ Վարդանեան Մարտ 23ին ընդունած է Համաշխարհային դրամատան (ՀԴ) հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Արիստոմոնէ Վարուտաքիս, Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրութեան ծրագիրներու պատասխանատու Օլիվըր Լը Փեր եւ դրամատան այլ ներկայացուցիչներ:
Նախարարի մամլոյ քարտուղար Սուսաննա Տօնոյեանի տուած տեղեկութիւններուն համաձայն, հանդիպման ընթացքին նախարարը նշած է, թէ ՀԴ կողմէ իրականացուող «Կենսական նշանակութեան ճանապարհներու բարելաւման» ծրագիրը կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստանի զարգացման եւ բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացման առումով: Մ. Վարդանեան կարեւոր համարած է նաեւ ճանապարհներու շինարարութեան ոլորտին մէջ ՀԴ եւ Ասիական զարգացման դրամատան կողմէ իրականացուող համատեղ աշխատանքը: Իրականացուող ծրագիրները, ըստ նախարարին, պէտք է զիրար ամբողջացնեն, որպէսզի կատարուած աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ ըլլայ։
Իր կարգին, Ա. Վարուտաքիս մանրամասն ներկայացուցած է ՀԴ կողմէ իրականացուող ճանապարհներու շինարարական ծրագիրներուն ընթացքը՝ մասնաւորապէս նշելով, թէ անցեալ տարի սկսած «Կենսական նշանակութեան ճանապարհներու բարելաւման» ծրագիրը այս տարի պիտի աւարտի, իսկ անոր ընդհանուր ծախսը կը կազմէ 61.6 միլիոն տոլար։ Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ այդ ծրագիրով կը նախատեսուի վերանորոգել ընդհանուր առմամբ 240 քլմ. ճանապարհային հատուած՝ Հայաստանի շարք մը համայնքներու մէջ:
ՀԴ ներկայացուցիչին գնահատումով, ծրագիրը բաւական արդիւնաւէտ է, քանի որ անիկա գիւղական համայնքի ճանապարհը կը կապէ յարակից գլխաւոր մայրուղիներուն հետ, ինչպէս նաեւ համայնքներու բնակչութեան համար կը ստեղծէ աշխատատեղեր:
Ա. Վարուտաքիս նաեւ անդրադարձած է յառաջիկային դրամատան կողմէ նախատեսուող ճանապարհներու շինարարական նոր ծրագիրներու իրականացման, նշելով, որ ՀԴ կը նախատեսէ մինչեւ տարեվերջ տրամադրել շուրջ 35-40 միլիոն տոլարի վարկ՝ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնադրամին կողմէ միջպետական ճանապարհի խաչմերուկէն մինչեւ Հալիձոր գիւղ տանող հատուածի կառուցման եւ վերանորոգման համար:
Հանդիպման աւարտին, Ա. Վարուտաքիս նախարար Մ. Վարդանեանը հրաւիրած է Թիֆլիս, ուր Մայիս 12ին, Համաշխարհային դրամատան կազմակերպութեամբ պիտի կայանայ փոխադրութեան ոլորտին նուիրուած միջազգային նուիրատու կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն խորհրդաժողովը, եւ որուն պիտի մասնակցին Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխադրութեան նախարարներուն գլխաւորած պատուիրակութիւնները: