ԵՐԵՒԱՆ.- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլեաքով Երեքշաբթի օր հերքած է իրեն վերագրուած այն յայտարարութիւնը, թէ՝ Հայաստան իր անհամաձայնութիւնը յայտնած էր մատրիտեան սկզբունքներէն չորս կէտերու շուրջ:
«Ես չեմ ըսած, որ Հայաստանը համաձայն չէ Մատրիտեան սկզբունքներէն չորս կէտերու շուրջ», երեւանի մէջ յայտարարած է Մերզլեաքով՝ գանգատելով, որ լրագրողները խեղաթիւրած են իր խօսքերը:
Մինսկի խումբի երեք համանախագահները Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ իրենց ունեցած հանդիպումներէն ետք հրապարակած են ամփոփիչ յայտարարութիւն մը, ուր նշած են, որ Մարտ 27ին Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն ներկայացուցած են բանակցային գործընթացի ներկայ վիճակը, իսկ Մարտ 28ին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ ԱԳՆ ղեկավար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ քննարկած են Մատրիտեան սկզբունքներու վերաբերեալ հայկական կողմին առաջարկները:
Նշենք, որ համանախագահները Երեւան-Ստեփանակերտ այցելութենէ ետք Պաքու չեն մեկնած: Ըստ Մերզլեաքովի, համանախագահները Պաքու պիտի այցելեն Ապրիլին, սակայն ճշգրիտ թուականը տակաւին յստակ չէ: