Հաղորդագրութիւն թիւ 2

Թուրքիոյ կողմէ 95 տարի առաջ տմարդօրէն ծրագրուած, կազմակերպուած եւ գործադրուած 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը տակաւին կը մնայ անպատիժ։ Հայութիւնը որեւէ ատենէ աւելի, այսօր եւս կը մնայ տէրը իր իրաւունքներուն:
Վերջին ամիսներուն, քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացումին եւ փրոթոքոլներուն, ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած փորձ մը՝ նսեմացնելու համար իսկական տարողութիւնը մեր ցաւին՝ Ցեղասպանութեան:
Արդարեւ, հայ ժողովուրդը այս օրերուն մեծ եւ դժուարին մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի։ Հայ-թրքական յարաբերութեանց կարգաւորման եւ Արցախի հիմնահարցի լուծման համար, մեր ժողովուրդը ծանր ճնշումներու ենթարկուած է:
Մեր ժողովուրդը, յատկապէս այս օրերուն, անգամ մը եւս մէկ մարդու նման իր ձայնը պիտի բարձրացնէ եւ համայն աշխարհին պիտի յիշեցնէ, թէ Թուրքիան պարտաւոր է հողային եւ նիւթական հատուցում կատարելու իրեն։ Հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չդադրի պայքարելէ իր իրաւունքներուն համար։
Այսու, կոչ կ՛ուղղենք Հարաւ. Քալիֆորնիոյ հայութեան, որ այս պայքարի ծիրէն ներս իր բողոքի ձայնը բարձրացնելու համար, Շաբաթ, Ապրիլ 24, կէսօրէ ետք ժամը 1:30ին, խուռներամ ներկայ գտնուի Մոնթեպելլոյի Հայ Նահատակաց յուշարձանին վայրը։ Հոն, մեր գաղութի բոլոր յարանուանութեանց պետերուն եւ կղերականներուն մասնակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ քաղաքական հաւաք, որմէ ետք պիտի կատարուի հաւաքական հոգեհանգստեան պաշտօն։
Քաղաքական հաւաքին ելոյթ պիտի ունենան գաղութի ներկայացուցիչները, եւ տեղական, նահանգային ու դաշնակցային քաղաքական դէմքեր խօսք պիտի առնեն։
Որպէս յարգանք մեր նահատակներուն, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին, որ այդ օրը նաեւ ծաղիկներ զետեղէ Նահատակաց յուշարձանին։
Յուշարձանի հասցէն է՝ Bicknell Park,
900 Via San Clemente, Montebello, California
Պիտի տրամադրուին ինքնաշարժներ՝ զանազան վայրերէ հայրենակիցներ Մոնթեպելլօ տանելու համար։ Հետեւեցէք մամուլի մէջ լոյս տեսնելիք ցուցմունքներուն։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 95 ԱՄԵԱԿԻ
ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ