ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան Մարտ 25ին, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուոյ մետալով պարգեւատրած է Չիլիի Սենաթի անդամ, Չիլիի ընկերվարական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ռիքարտօ Նունյես Մունյոսը՝ Չիլիի Սենաթին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին ընդունումը նախաձեռնելուն համար։
Յանձնելով ՀՀ օրէնսդիր իշխանութեան բարձրագոյն պարգեւը՝ Յ. Աբրահամեան նշած է, որ մինչեւ վերջնական հանգրուանի հասնիլը, արդարութիւնը միշտ կ՛անցնի դժուար ճանապարհներէ, առաւել եւս, երբ անիկա կը վերաբերի ժողովուրդի ճակատագրին:
«1915ին Օսմանեան Թուրքիայում իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը դեռեւս արժանի ու լիարժէք գնահատական չի ստացել միջազգային հանրութեան կողմից: Չնայած շատ պետութիւններ ու կառոյցներ ճանաչել են այն, սակայն ողբերգութեան ու յանցագործութեան մեղաւորն ու պատասխանատուն չի ընդունում կատարուածի ճշմարտացիութիւնը, այսինքն՝ չի կարողանում ուղիղ նայել ճշմարտութեան աչքերին, քաջութիւն չունի ապաշխարել: Մինչդեռ այն, որ 1915ին Թուրքիայում հայերի նկատմամբ իրականացուածը ցեղասպանութիւն էր, այլեւս կասկած չի առաջացնում քաղաքակիրթ աշխարհում: Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման անշրջելի գործընթացում ներառուած գործիչները, անկախ ազգութիւնից, իրենց կեցուածքով ցոյց են տալիս, որ կարողանում են քաղաքական կամք դրսեւորել, կարողանում են ժամանակների ու տարածութեան միջից ճշմարտացի հայեացքով գնահատել իրողութիւնները», ըսած է ԱԺ նախագահը:
Յ. Աբրահամեան նաեւ նշած է, որ Չիլիի խորհրդարանին կողմէ 2007ի Յունիս 5ին միաձայն ընդունուած որոշման մէջ արձանագրուածը Հայոց Ցեղասպանութեան իւրատեսակ համառօտ ամփոփումն է: Անոր կարծիքով, կու գայ նաեւ այն ժամանակը, երբ յատկապէս ցեղասպանութեան մեղք ունեցողները կը գիտակցին, թէ գործուածին համար ապաշխարելը եւ պատմութեան երեսին ճշմարտացի նայիլը այն գործօններն են, որոնք ցեղասպանութիւն իրագործողին հնարաւորութիւն կու տան մեղքերը որոշակիօրէն թօթափած՝ յաւակնելու քաղաքակիրթ հանրութեան անդամ դառնալուն:
Ռիքարտօ Նունյես Մունյոս, իր հերթին, յայտնած է, թէ իր քաղաքական գործունէութեան սկիզբէն ի՛սկ ան դատապարտած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերուն հանդէպ գործուած ցեղասպանութիւնը: «Աշխարհի մարդիկ երբեք պէտք չէ հանգիստ ըլլան, անոնց խիղճը երբեք հանգիստ պէտք չէ ըլլայ, քանի որ դեռ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չէ ճանչցուած ամբողջ աշխարհին մէջ: Ատիկա միայն հայ ժողովուրդին վէրքը չէ, ատիկա նաեւ իմ վէրքն է, համայն աշխարհի բարի կամք ունեցողներուն վէրքն է», ըսաւ Ն. Մունյոս, որ իր հերթին, ԱԺ նախագահ Աբրահամեանի յանձնած է Չիլլի Սենաթին յուշամետալը:
Նշենք, որ նախքան յուշամետալներուն փոխանակումը, Ռ. Նունյես Մունյոս ԱԺ այգիին մէջ ծաղիկներ դրած է 1999 Հոկտեմբեր 27ի ոճրագործութեան զոհերու յուշակոթողին դիմաց, եւ պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ՝ ինչպէ՞ս ծանօթացած է Հայոց Ցեղասպանութեան՝ Չիլիի խորհրդարանի անդամը պատասխանած է. «Երիտասարդութեան տարիներուս կարդացած եմ գիրք մը, զոր ինծի նուիրած էր հայկական ծագումով ընկերուհի մը: Գիրքը Ֆրանց Վերֆելի «Մուսայ լերան քառասուն օրերը»ն էր: Մինչ այդ, ես չէի գիտեր, որ այդպիսի ժողովուրդ կայ եւ որ այդքան տառապած է թուրքերուն կողմէ իրականացուած ոճրագործութեան պատճառով: Կը կարծեմ, որ հայ եւ հրեայ ժողովուրդներուն դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ լատինաամերիկեան ժողովուրդներուն դէմ իրականացուած ոճիրները երբեք պէտք չէ կրկնուին: Հայ ժողովուրդին պայքարը ունի իր սեփական պատմութիւնը: Երբեք պէտք չէ թոյլ տալ ժողովուրդներուն նկատմամբ խտրականութիւն իրականացնել»: