ՀՅԴի Գործունէութեան Դաշտը Չի Սահմանափակուիր Քաղաքական Ոլորտով
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ապրիլ 11ին կազմակերպուած է Հանգանակային ճաշկերոյթ մը, որուն հասոյթը պիտի յատկացուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բազմաճիւղ գործունէութեան համար միջոցներ ապահովելու: Ի՞նչը պէտք է մղէ ամերիկահայ մեր հայրենակիցները, որ մասնակցին այս ձեռնարկին ու իրենց սրտաբուխ բաժինը բերեն հանգանակութեան:

ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ.- Մեր համայնքային կեանքի առօրեայ հեւքին մէջ չենք անդրադառնար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ու անոր յարակից կառոյցներուն կողմէ տարուող աշխատանքներու հսկայական ծաւալին:
Առաջին հերթին, մեր երիտասարդութիւնը այլասերող ու ապառողջ միջավայրերէ դուրս բերելով՝ զանոնք ազգային մեր իրականութեան մասնակից դարձնելու տիտանական ճիգը կը թափուի ամէն օր, դաստիարակչական ու ընկերային ծրագիրներով: Երիտասարդ տղաքն ու աղջիկները այս կեանքի բովէն անցնելով՝ թէ՛ իբրեւ հայ եւ թէ իբրեւ մարդ կը թրծուին, եւ պատասխանատուութիւն ու պարտականութիւն ստանձնելու ու գործ գլուխ հանելու անփոխարինելի փորձառութիւնը կը շահին: Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան մէջ պատանիները իրենց ազգային ինքնութեան արմատները կը խորացնեն, դարերէ եկող արժէքային համակարգը կ՛իւրացնեն ու քաղաքական գիտելիքներով հարստացած՝ կը նետուին ասպարէզ:
Աշխատանքի միւս դաշտը, անշուշտ, քաղաքականն է, Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ: Այս աշխատանքը իր գրասենեակային, յարաբերական, քարոզչական բաժիններով սպառիչ է ու շարունակական ներդրումներ կը պահանջէ մեզմէ: Այս աշխատանքներէն որեւէ մէկը կարելի չէ յետաձգել, կարելի չէ անտեսել: Կլենտէյլէն մինչեւ Ուաշինկթըն, մինչեւ այս երկրի տարածքին ցրուած հայկական մեծ թէ փոքր հաւաքականութիւն իրար շաղկապելու, միացնելու, միաւորելու ու միասնական աշխատանքային ցանցի մը վերածելու գործը՝ չդադրող, կազմակերպուած մեքենայ մը կը պահանջէ: Այդ մեքենան պահել պէտք է իր ձիգ ու աշխոյժ վիճակին մէջ, որքան ալ մեծ միջոցներ պէտք ըլլան ատոր համար:
Աշխատանքի մէկ այլ, ոչ նուազ կարեւոր դաշտ է՝ համայնքը համախումբ պահելու, ազգային կառոոյցներու համերաշխ գործունէութեան պայմաններ ստեղծելու պարտականութիւնը, որ նախ կ՛ենթադրէ այդ կառոյցներուն ընդհանուր գաղափարական ուղղութիւն տալ, նաեւ անոնց ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն նպատակասլացութիւն տալու համար տրամադրել անհրաժեշտ օժանդակութիւն:
Անշուշտ ունինք նաեւ համահայկական պարտաւորութիւններ, ինչ կը նշանակէ, թէ մենք ալ մեր բաժինը կը բերենք համահայկական բոլոր ճիգերուն ու ծրագիրներուն, մեր նիւթական ու բարոյական ներդրումը կ՛ունենանք անոնց իրագործման մէջ:
Ուրախ եմ ըսելու, որ մենք այս գաղութին մէջ միշտ ալ բախտաւորուած ենք՝ շրջապատուած ըլլալով համակիրներու եւ մեր գործունէութեան հաւատացող ու սատարող ազգայիններու հսկայական բանակով մը:
Ապրիլ 11ին առիթ պիտի ունենանք միասին ըլլալու այդ մեծ խումբի մէկ մասին հետ, անոնց հետ տօնելու մեր նոր յաղթանակները եւ անոնց ներկայացնելու մեր նոր ծրագիրներն ու առաջադրանքները: