ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Առնոլտ Շուարցնեկըրը նահանգային կառավարութեան իրաւական հարցերու փոխնախարար եւ ուտեստեղէնի ու հողագործութեան նախարարի յատուկ օգնական նշանակած է 45ամեայ իրաւաբան Կրեկ Աղազարեանը, որ անցեալին մաս կազմած է նահանգային կառավարութեան ու Հանրապետական կուսակցութեան տարբեր մարմիններուն:

Սթաքթընէն Կրեկ Աղազարեան նաեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ եղած է 2002էն 2008ի միջեւ՝ ներկայացնելով 26րդ ընտրատարածքը:
Անոր նշանակումը պէտք չունի Ծերակոյտին վաւերացման, իսկ տարեկան վարձատրութիւնը 115,000 տոլար է: