ՀՕՄի Առաջին Տասնամեակը (1910-1920)
Կարմիր խաչի նորաստեղծ մասնաճիւղերու գործունէութիւնը կազմակերպչական եւ դաստիարակչական բնոյթ ունի: Բարի, աշխատասէր, ուշիմ, տնաշէն, համեստ եւ ամօթխած հայ կինը, իր ընտանեկան պարտականութիւնները կատարելէ ետք, իր տաքուկ բոյնէն դուրս պիտի ելլէ, ժողովի պիտի երթայ, կարեւոր որոշումներ պիտի առնէ եւ ապա զանոնք պիտի իրագործէ:
Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական եւ տեղական կոմիտէներու վարչութիւնները, մեծ եղբօր մը պէս կը թրծեն նորագիր անդամուհիները՝ անոնց ներշնչելով ինքնավստահութիւն, համարձակութիւն, ձեռներէցութիւն եւ ազգային հարցերու նկատմամբ խոր գիտակցու-թիւն:
Եւ զարմանալի նախախնամութեամբ, 1914ին, երբ խաչուհիները պատրաստ էին հրապարակ իջնելու, կը ծագի Ա. Համաշխարհային պատերազմը եւ ազգերու թոհուբոհին մէջ, քիչ յետոյ, հայ ազգին գլխուն կ՛իջնէ ամենամեծ հարուածը…:
Հայ կարմիր խաչի անդամուհիները, արցունքը իրենց աչքերուն, մորմոքը՝ սիրտերուն, բայց կացութեան տէր, իրենց առաջին Պատգամաւորական ժողովը կը գումարեն 1915ին, Մայիս 30էն 31, Պոսթընի մէջ:
Հինգ տարուան ընթացքին ՀՅԴ Հայ կարմիր խաչի մասնաճիւղերու թիւը 17էն բարձրացած է 32ի: Ժողովին կը մասնակցին 21 մասնաճիւղեր. միւսները հեռաւորութեան, նիւթական եւ այլ պատճառներով չեն կրնար գալ: Օրակարգի վրայ են հրատապ հարցեր.
1. Հանգանակութիւն հայ տարագիրներու համար.
2. Հանդերձահաւաք.
3. Հիւանդապահներու մարզում.
4. Անդամներու յատուկ հայերէն լեզուի դասընթացք.
5. Հայերէն դասընթացքներ հայ նոր սերունդին համար.
6. Անդամարշաւ.
Այս ժողովը, նաեւ առաջին անգամ ըլլալով, հինգ հոգիէ բաղկացած Հայ կարմիր խաչի Կեդրոնական վարչութիւն մը կ՛ընտրէ: Ցարդ ՀՅԴ Կեդրոնական վարչութիւնն էր, որ ՀՅԴ Կարմիր խաչի գործերը կը վարէր:
Ա. Պատգամաւորական ժողովէն ետք, 1915-1919 տարիներուն, տքնաջան աշխատանքով խաչուհիները 30,000 տոլար կը հանգանակեն եւ ամբողջութեամբ որբերու, հիւանդներու եւ գաղթականներու կը յատկացնեն: Ըստ ամերիկեան հին տարեգիրքերու (Almanacs), Միացեալ Նահանգներու մէջ, 1910ական թուականներուն, գործաւորի մը տարեկան միջին եկամուտը 651 տոլար էր: Իսկ պանդուխտ հայ գործաւորը, եթէ անգլերէն լեզու չէր գիտեր, շաբաթականը 10 տոլարէն աւելի չէր կրնար ըլլալ…:
Մեծ Եղեռնի տարիներուն, ՀՅԴ Կարմիր խաչի Կեդր. վարչութեան օժանդակութենէն բացի, շատ մը մասնաճիւղեր եւս շօշափելի գումարներ ղրկեցին Գէորգ Ե. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին՝ վիրաւորուած կամաւորներուն եւ հիւանդներուն համար:
Ամերիկահայ խաչուհիները նաեւ 110 հակ (container) հագուստ, կօշիկ եւ դեղեր ուղարկեցին գաղթակայանները:
ՀՅԴ Հայ կարմիր խաչը նաեւ դասընթացքներ հաստատեց հայ անգրագէտ կիներու համար: Անդամուհիներուն եւ հայ հասարակութեան զարգացման համար ալ հրապարակային դասախօսութիւններ կազմակերպեց՝ ընկերային, առողջապահական, ազգային, կազմակերպական եւ այլ նիւթերու շուրջ:
Հայ կարմիր խաչը պատերազմի այս մռայլ տարիներուն չմոռցաւ նաեւ դպրոցներ բանալ հայ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան համար, հայաշատ վայրերու մէջ, ինչպէս՝ Չելսի, Քեմպրիճ, Տիթրոյիթ, Ուստր, Փրովիտենս եւ այլն:
1919 Յունիս 2ին, դարձեալ Պոսթընի մէջ, ՀՅԴ Հայ կարմիր խաչը իր Բ. Պատգամաւորական ժողովը կը գումարէ: Մասնաճիւղերու թիւը բարձրացած է 54ի, ժողովին կը մասնակցին 50 պատգամաւորներ: Ի միջի այլոց, օրակարգի վրայ են.
1. Անունի փոփոխութիւն.
2. Կարմիր խաչերու միացման հարց.
3. Հայաստանի մէջ հիւանդանոց հիմնելու հարց.
Առաջին, 1910-1919ի Հայ կարմիր խաչ կազմակերպութեան պաշտօնական անունն էր «ՀՅԴ Կարմիր Խա»չ: Նկատի առնելով, որ Հայաստանի հանրապետութիւնը արդէն ունէր իր պետական Կարմիր խաչը, ժողովը կ՛որոշէ կապուիլ Հայաստանի Կարմիր խաչին եւ անունը փոխել անգլերէն՝ «Daughters of Armenia»ի եւ հայերէն՝ «Հայաստանի Կարմիր Խա»չի:
Երկրորդ, նկատի առնելով, որ Ամերիկայի մէջ, վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին կազմուեր էին «Ազգային», կամ «Պետական» անունով Կարմիր խաչեր, առաւե՛լ «Որբախնամ ընկերութիւն» մը, 1909ի Ատանայի ջարդի որբերը խնամելու համար, ժողովը կոչ կ՛ընէ բոլոր բարեսիրական մարմիններուն միանալու «Հայաստանի Կարմիր Խա»չ անուան տակ, անգլերէնով՝ «Daughters of Armenia», եւ միասնաբար օգնելու հայրենիքին ու հայ ցիրուցան բեկորներուն:
Երրորդ, Բ. Պատգամաւորական ժողովը, առ ի երախտագիտութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան, որ գաղափարը յղացաւ եւ հիմնեց ու պաշտօնականացուց Հայ կարմիր խաչը, որոշեց նորանկախ Հայաստանի մէջ «ՀՅԴ Կարմիր Խա»չ անունով հիւանդանոց մը հիմնել: 1919-20 տարեշրջանին, գերմարդկային ճիգերով 25,000 տոլար հանգանակեց, բայց դժբախտաբար, Ա. հանրապետութեան անկումով, հիւանդանոց մը հիմնելու այս օգտաշատ ծրագիրը չիրականացաւ, բայց այդ գումարը հազարաւոր հայեր սովամահ ըլլալէ փրկեց:
Հոս, փակագիծը բանալով յայտնենք, թէ 1918էն 1920, երբ Թուրքիան դաշնակիցներուն ձեռքն էր, Պոլսոյ, գաւառներուն եւ Կիլիկիոյ մէջ հաստատուեցան Հայ կարմիր խաչի 38է աւելի մասնաճիւղեր, որոնք ճակատագրական դեր խաղացին հայ թշուառ բազմութիւնները բուժելու, խնամելու, հագցնելու, կերակրելու եւ յաճախ ստոյգ մահէ փրկելու մէջ: Քեմալական տիրապետութենէն ետք, Հայ կարմիր խաչերը դադրեցան գոյութիւն ունենալէ Թուրքիոյ մէջ:
Այս առաջին տասնամեակին՝ 1918ին, հիմը կը դրուի Սուրիոյ Հայ կարմիր խաչին, իսկ 1919ին՝ Մարսէյի (Ֆրանսա), Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ մասնաճիւղերուն:
Ահաւասիկ, ՀՕՄի առաջին տասնամեակի ամփոփ տեղեկագիրը: Հայ կինը իր բոլոր ուժերը հաւաքեց եւ ծառացաւ ահաւոր աղէտին դիմաց: