ՓԱՐԻԶ.- Լրագող Ժան Էսքեան Փարիզէն կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Մայիս 18ին, մօտաւորապէս 600 հայորդիներ հաւաքուած են Ֆրանսայի Ծերակոյտի շէնքին առջեւ, պահանջելու համար, որ խորհրդարանին օրինակին հետեւելով, Ծփրակոյտն ալ վաւերացնէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողներուն դէմ պատիժներ սահմանող բանաձեւը:
Յիշեցնենք, թէ Ֆրանսայի խորհրդարանը այդ բանաձեւը վաւերացուցած էր 2006ին:
Ցոյցին ընթացքին ելոյթներ ունեցած են խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի անդամներ:
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութեանց համակարգող խորհուրդին նոր համանախագահ Արա Թորանեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեան կոչ ըրած են ներկաներուն, որ տեղի չտան ու պայքարրը շարունակեն, որպէսզի ֆրաննսացիները լաւապէս գիտակցին, թէ որքա՞ն վտանգաւոր է Թուրքիոյ շղթայազերծած ուրացման արշաւը:
Անցեալ տարուան ընթացքին քանի մը թուրք աշակերտներ արդէն իսկ գլուխ ցցած են ֆրանսական վարժարաններուն մէջ, բողոքելով Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդութեանց դէմ:
Հայկական համայնքին ներկայացուցիչները կը յուսան, որ օրէնքը վաւերացուի մինչեւ 2011ի աւարտը, որպէսզի կարելի ըլլայ կասեցնել ուրացման արշաւը Ֆրանսա ներածելու թրքական փորձերը:
Օրէնքը մէկ տարուան բանտարկութիւն եւ 45,000 եուրօ պատիժ մը կը սահմանէ ուրացողներւոն դէմ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.