ԵՐԵՒԱՆ.- Մայիս 19ին, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունած է Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկած է Երեւանի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն վրայ, ՀՕՄի 100ամեակին առիթով, միութեան հիմնադիր Ակնունիի կիսանդրին տեղադրելու հարցը:
Հ. Յակոբեան հիւրերուն ծանօթացուցած է նախարարութեան գործունէութիւնը եւ ծրագիրները, խօսած է նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող համաժողովներուն, անոնց ընթացքին արծարծուած հայապահպանութեան հիմնախնդիրներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ սփիւռքահայերու կացութեան բարելաւման ուղղուած սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կատարուած օրէնսդրական փոփոխութիւններուն մասին:
Նշենք, որ 1910ին, Նիւ Եորքի մէջ Ակնունի հիմնած է ՀՕՄը՝ իբրեւ կանանց հասարակական եւ բարեգործական միութիւն: Յետագային, վերադառնալով Արեւմտեան Հայաստան՝ անուանի գործիչը զոհուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.